“Երկիր Մետիա”._Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ հանդիպումի արդիւնքներուն մասին յայտարարութիւն տարածած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ։ Անոր խօսքին համաձայն, քննարկումներու առանցքին մէջ եղած են Հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն հետ։
 
«Մեր քննարկումները եղած են բաց եւ արդիւնաւէտ, որուն համար երախտագիտութիւն կը յայտնեմ երկու առաջնորդներուն։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկած ենք մեր օրակարգի բոլոր հարցերը։ Հաճելի է տեսնել, որ բաւականին քայլեր կատարուած են մեր վերջին հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները իրականացնելու ուղղութեամբ», ըսած է Շառլ Միշէլ։
 
Անոր խօսքին համաձայն, կողմերը համաձայնած են առարկայական ջանքեր գործադրել երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւնները կարգաւորող խաղաղութեան պայմանագիրին ուղղութեամբ յառաջ երթալու համար։ Ըստ անոր, առաջնորդները յանձնարարած են մէկ ամսուան ընթացքին հանդիպիլ պայմանագիրի բնաբանի նախագիծին վրայ աշխատելու նպատակով։
 
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը յայտնած է, որ հանդիպումին մանրամասն քննարկուած են մարդասիրական հարցերը՝ ականազերծման, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ անձերու եւ անյայտ կորածներու ճակատագիրի հարցը։ Շառլ Միշէլ ընդգծած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու կարեւորութիւնը։ ԵՄ նախագահը խոստացած է, որ ԵՄ-ը պիտի շարունակէ զբաղիլ այդ հարցով։
 
Եւրոպացի պաշտօնեան ըսած է, որ վերանայած են յառաջընթացը սահմանի սահմանազատման հետ կապուած բոլոր հարցերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ այն, թէ ինչպէս լաւագոյնս ապահովել կայուն իրավիճակ: «Մենք համաձայնեցանք, որ սահմանային յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։