Սեւափետուր, կռկռան եւ շաղղակեր (լէշակեր), ագռաւը մեր մշակոյթին մէջ դժբախտութեան գուժկան կը նկատուի, թէեւ ոչ բուին տարողութեամբ:
Սակայն այլ մշակոյթներու մէջ ագռաւը այլ իմաստներ ունի, որոնց շնորհիւ է հաւանաբար, որ մտած է նուազ չափով նկարչութեան եւ առաւել չափով առասպելներու, դիցաբանութեան եւ գրականութեան մէջ, որպէս միջնորդ մահուան եւ կեանքին միջեւ: Որպէս այդպիսին, եղած է նաեւ խորհրդանիշը կորսուած հոգիներու:
Աւելի կանուխ շրջաններու, ինչպէս օրինակ հին յունական դիցաբանութեան մէջ, ագռաւները նախապէս ճերմակ եղած են, եւ գուշակութեան աստուծոյ՝ Ափոլլոյի խօսնակները: Աստուածը իր սիրուհին՝ Գորոնիսը լրտեսելու համար կը ղրկէ ճերմակ ագռաւ մը, որ երբ կը վերադառնայ դաւաճանութեան լուրերով, Ափոլլօն, իր բարկութեան մէջ կը հրկիզէ զայն: Ագռաւին փետուրները վերջնականօրէն կը սեւնան:
Գրեթէ բոլոր մշակոյթներուն մէջ ալ՝ հնդկական, միջինարեւելեան, իսլանտական, հարաւայինամերիկեան, անգլիական, կելտական, վայքինկներու թէ գերմանական, բոլորին մէջ ալ այս կամ այն չափով յիշուած է ագռաւը: Այս մշակոյթներէն մէկ մասին մէջ եթէ ագռաւը ժխտական ներկայութիւն է՝ մահուան կամ վատ դէպքերու գուժկան, այլ մշակոյթներու մէջ քաջութիւն եւ իմաստութիւն կը խորհրդանշէ. օրինակ՝ Հակինը (նորտերէնով՝ մտածմունք) եւ Մանինը (նորտերէնով՝ յիշողութիւն) ներկայացուած են որպէս ագռաւներու զոյգ մը, որոնք Օտին աստուածին համար աշխարհէն լուրեր կը բերեն. Օտինը այս զոյգին խօսելու կարողութիւն տուած էր: Օտին աստուածը երբեմն կը յիշուի նաեւ որպէս ագռաւ-աստուած:
Իրլանտական առասպելաբանութեան մէջ պատերազմի աստուածուհի Պատը կուռաբի1 մը կերպարանքը առած սարսափ կը սփռէ եւ այլն:
Կալլէսեան բանահիւսութեան մէջ ագռաւը կը յայտնուի միջնադարեան ձեռագիրներու մէջ:
Կ’ըսուի նաեւ թէ Արթըր թագաւորը չէ մեռած, պարզապէս իր հոգին մտած է կարմրակտուց եւ շիկոտն ագռաւի մը մարմնին մէջ:
Շուէտի մէջ սակայն կ’ըսուի թէ ագռաւները սպանուած մարդոց հոգիներն են:
Արեւելքի պարագային Քուրանին մէջ կը յիշուի թէ ագռաւ մըն էր, որ ցոյց տուաւ Կայէնին, թէ ինչպէս պէտք է ծածկէ իր սպանած եղբօր դին:
Մեզ հետաքրքրողը արդիական ժամանակակից գրականութեան մէջ «գտնուող» ագռաւն է, որ բազմաթիւ երեւումներ ունեցած է, ինչպէս Չարլզ Տիքընզի «Պարնապի Րաճ» վէպին մէջ (1841) Կրիփ կուռապը կարեւոր հերոս մըն է, կամ Շէյքսփիրի թէ՛ Օթէլլոյին, թէ՛ Մագպետին մէջ ագռաւները կը յիշուին, կամ «Արիւնի Ովկիանոս Մը» վէպին հերոսներէն Միքա Վեր Լէտը կը նկարագրուի՝ «ինչպէս պիտի երեւէր ագռաւ մը, եթէ մարդու կերպարանք առնէր»:
1500-ականներէն իսկ ագռաւի կերպարը կ’երեւի գրականութեան  մէջ, եւ ոչ միայն գրականութեան այլ նաեւ երաժշտութեան, ինչպէս նշանաւոր պալլատին՝ «Երեք Կուռապները» (1611), ուր մեռած ասպետ մը կը ներկայացուի կուռապներու դիտանկիւնէն, որոնք կ’ուզեն յօշոտել զինք, բայց որուն հաւատարիմ արծիւն ու շուները կը պահեն դին:
Ագռաւը որպէս կերպար իր «փառքի» գագաթնակէտին հասած է Էտկար Ալլէն Փոյի «Ագռաւը» (The Raven) քերթուածով (հայերէնի թարգմանուած քանի մը բանաստեղծներու կողմէ. լաւագոյնը սակայն կը մնայ Աբրահամ Ալիքեանի տարբերակը, թէեւ Էմմա Կիրակոսեան 2018-ին իր գրած ատենախօսութեան մէջ [Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան BA] ոչ իսկ կը յիշէ Աբրահամ Ալիքեանի անունը):
Փոյէն աւելի քան հարիւր տարի ետք («Ագռաւը» գրուած է 1845-ին), Թէտ Հիւզ անգլիացի բանաստեղծը կը հրատարակէ իր ամէնէն նշանաւոր քերթողագիրքը՝ «Ագռաւ. Ագռաւին կեանքէն ու երգերէն» (Crow: From the Life and Songs of the Crow) խորագրով, 1970-ին:
Հիւզէն գրեթէ յիսուն տարի ետք, երիտասարդ ամերիկացի մը՝ Max Porter կը հրատարակէ (Grief Is the Thing With Feathers) «Ցաւը Փետուրներով Բանն Է» քերթողագիրքը, որ հեղինակին առաջին գիրքը ըլլալուն, իրեն  բանաստեղծի հռչակ կ’ապահովէ:
Այս ձեւով կ’ունենանք իրարմէ այնքան հեռու երեք գործեր, որոնց առանցքը այս համեստ թռչնազգին է՝ ագռաւը:
Շատ գրուած է Թէտ Հիւզի «Ագռաւը»-ին մասին, որ խորքին մէջ մարտահրաւէր մըն է նետուած քրիստոնէութեան եւ մարդկութեան դէմքին:
Սակայն Մաքս Փորթըրի գիրքը աւելի կը սրէ հակադրութիւնը մահին եւ անոր հակադեղին՝ սիրոյն եւ արուեստին միջեւ:
Այստեղ Ագռաւը կարծէք դուրս ելած Հիւզի գիրքէն, եկեր է հոգ տանելու այս ընտանիքին, ուր մօր մահուան սուգով ցնցուած հայր մը, այնքան անկարող կը զգայ ինքզինք իր երկու զաւակներուն առջեւ:
* * *
Ագռաւը  միջոց մըն է ցոյց տալու արուեստին անվիճելի ազդեցութիւնը, տոմինոյի քարերուն կրած ազդեցութեան նման, շա՜տ հեռուներէն եկող շարժումի մը: Արուեստի թէ գրականութեան մղոնը կու գայ եւ իր հետ կատարելութիւն կը բերէ, բայց արդէն ձեւափոխուած, ինչպէս հին հարցազրոյցի մը մէջ պիտի ըսէր ժամանակակից գրագէտը՝ «ո՞վ կրնայ իմանալ այն մեծագոյն ազդեցութիւնը, զոր կրեր եմ Միսաք Մեծարենցէն»:
Հին «Բագին»ներէն մէկուն մէջ գրագէտ մը – որքան կը յիշեմ հիմա՝ իրաքահայ գրագէտ մը – գրած էր ագռաւներու ընտանեկան կապերուն մասին եւ նկարագրած իր ընտանիքին դաւաճանած ագռաւի մը ստացած պատիժը, երամին կողմէ:
Եթէ տունս ըլլայի, պիտի կարենայի փնտռել-գտնել այդ գրութիւնը եւ հոս դնել որպէս նմուշ մեր գրականութեան մէջ ագռաւներու մասին, որովհետեւ չեմ գիտեր ինչո՛ւ, մեր մօտ ագռաւն ու բուն, երկուքն ալ չար բախտ բերողի, գուժկանի համբաւ ունին, մինչ Եւրոպայի մէջ, մանաւանդ եւրոպական առասպելներուն մէջ անոնք իմաստութիւն կը խորհրդանշեն:
Եւ այդ ձեւով է հաւանաբար, որ ագռաւը մտեր է արեւմտեան գրականութեան մէջ:
***
1-Արաբերէն ղուրապ բառէն, մոխրագոյնով սեւ, աւելի փոքր քան ագռաւը:
Մարուշ Երամեան