Երբեմն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ կեցուածք կ’որդեգրեն այն աշակերտներուն հանդէպ, որոնք երեւոյթի մը շուրջ իրենց կարծիքը կամ ընդվզումը կը յայտնեն ինքնավստահութեամբ։ Եղած են դէպքեր, երբ ուսուցիչներ  յանդիմանած են աշակերտները իրենց համարձակ արտայայտութեան համար:
Երբ փոքր էինք, մեծերը յաճախ կը շեշտէին, որ աշակերտի մը չէ արտօնուած հակադարձել ուսուցիչին, նոյնիսկ եթէ ուսուցիչը աշակերտի մը ընթացքը քննադատէ առանց հասկնալու անոր տուն տուող պատճառները եւ անտեղի յանդիմանէ զինք:
Աշակերտին ուղղուած վիրաւորական եւ նուաստացուցիչ խօսքերը, սակայն, պատանիին մատղաշ հոգին խորապէս կը խոցեն եւ երբեմն ինքնաբերաբար հակազդելու ցանկութիւն կը յառաջացնեն։ Բոլորովին տարբեր բաներ են պատանիին սխալը ուղղելը կամ այդ սխալին առիթով պատանիին արժանապատուութիւնը վիրաւորելը։ Այս մէկը վատ անդրադարձ կ’ունենայ աշակերտին հոգեկան առողջութեան վրայ, պատանիին ինքնավստահութիւնը կը քայքայուի եւ ան իր կարծիքը համարձակօրէն արտայայտելու համարձակութիւնը կը կորսնցնէ, ինչ որ ժխտականօրէն կ’արտացոլայ իր անձնական կեանքին մէջ անգամ:
Նմանօրինակ պարագաներու ցանկալի է, որ  ուսուցիչը նախ առիթ տայ աշակերտին իր տեսակէտը պաշտպանելու, իսկ աշակերտը արտայայտուի ճիշդ ոճով, քաղաքավարութեան սահմաններուն մէջ: Այնուհետեւ ուսուցչուհին իր ցուցմունքները փոխանցէ։
Այս պարագային աշակերտը ըմբոստանալու կարիք չի զգար, այլ պարզապէս  ինքզինք կ’արդարացնէ, ու այս արդարացումը, ազատ արտայայտութիւնը պէտք է գնահատանքի եւ ոչ թէ յանդիմանութեան արժանի ըլլան առողջ դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու կողմէ։
Մայք Գեւոյեան