ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը Կիրակի օր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս ներկայացուց ֆութպոլի տղոց Ա. հաւաքականի նորանշանակ մարզիչ Հուսամ Սայէտը, որ մէկ տարուան պայմանագրութեամբ ստանձնեց հաւաքականի մարզիչութեան պաշտօնը:
– Հալէպի Իթթիհատ Ահլի ակումբը պասքեթի տղոց խումբին մարզիչ որոշեց արժանթինցի Պեթրաչին, որ նախապէս, տարիներ առաջ, դարձեալ մարզած էր Հալէպի ակումբը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի հանրապետական բաժակի աւարտական մրցումին, Դամասկոսի մէջ Հալէպի Իթթիհատ Ահլին պարտութեան մատնելով Հոմսի Ուասպէն տիրացաւ բաժակին: Յիշենք, որ այս 10-րդ անգամն է որ Ահլին ձեռք կը ձգէ սոյն բաժակը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԵՆԶԵՄԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂ, ԻՍԿ ԱՆՇԵԼՈԹԻՆ՝ ՄԱՐԶԻՉ
Սպանիոյ ախոյեան եւ Չեմփիընզ լիկի գաւաթակիր, Եւրոպայի սուփըր գաւաթակիր Ռէալ Մատրիտի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի հաւաքականի 34-ամեայ յարձակող Քարիմ Պենզեման վերջին մրցաշրջանին իր արձանագրած արդիւնքներուն համար համարուեցաւ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը եւ ստացաւ ՈւԵՖԱ-ի պարգեւը:
Մրցանակին մաս կազմեցին նաեւ Ռէալի պելճիքացի դարպասապահ Տիփօ Քուրտուան եւ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի պելճիքացի կիսապաշտպան Քեւին տէ Փրիւնէն։
Պենզեման այս տարի Արքայական ակումբին հետ 5-րդ անգամ ըլլալով նուաճեց Չեմփիընզ լիկի գաւաթը եւ 15 կոլով ճանչցուեցաւ իբր մրցաշարքի լաւագոյն սքորիստ:
Նոյն մրցանակին մարզիչներուն կոչումը մնաց նաեւ Ռէալ Մատրիտին, որուն մարզիչ՝ Գարլօ Անշելոթին ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյնը: Ան միակ մարզիչն է, որ յաջողած է չորս անգամ տիրանալ Չեմփիընզ լիկի մրցանակին՝ տարբեր ակումբներու հետ:
Անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտի 37-ամեայ փորթուկալցի խաղացող Քրիստիանօ Ռոնալտօ կարելիութիւն ունի տեղափոխուելու Իտալիոյ Նափոլի ակումբ: Ըստ La Gazzeta dello Sport-ին, Մանչեսթըր Իւնայթըտը համաձայնած է մէկ տարուան վարձակալութեամբ Ռոնալտոյին առիթը տալ մաս կազմելու Նափոլիին: Նոյն գործարքով Մանչեսթըր Իւնայթըտ կը տեղափոխուի Նափոլիի նիճերիացի յարձակողական խաղացող Վիքթոր Օսիմենը։ Յիշենք, որ Նափոլիի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Լուչանօ Սփալեթին յայտարարեց, որ ամէն մարզիչ կը փափաքի կազմին մէջ ունենալ Ռոնալտոյին մակարդակով խաղացող մը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան