Վսեմաշուք
Տիար Արայիկ Յարութիւնեան,
Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ
 
Սիրելի՛ պրն. նախագահ,
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Ձեզ:
 
Ողջ հայութեան համար խոր նշանակութիւն ունեցող 2 սեպտեմբերը, ներկայ ժամանակներուն մեր ժողովուրդը կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Արցախի անկախութեան հռչակումը մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու ամուր վճռականութեան շօշափելի արտայայտութիւնն է ու մանաւանդ անոր անխախտ պահպանումը համայն հայութեան նուիրական պարտաւորութիւն է:
 
Վերջին քանի մը տարիներու ցնցումները երբեք յուսահատութեան չեն կրնար առաջնորդել մեր ժողովուրդը: Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը` յանուն արդարութեան ու Արցախի մեր սիրելի զաւակներու արդար իրաւունքի պաշտպանութեան:
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ Արցախի մեր ժողովուրդին ու պետութեան կողքին` վերանորոգ նուիրումով իր ներդրումը բերելով Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն:
 
Այս առիթով, Մեր հայրական սէրն ու հայրապետական օրհնութիւնը կը փոխանցենք Ձեզի, պարոն նախագահ, եւ Արցախի իշխանութեան: Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ որ Իր հովանին անպակաս ընէ համայն հայութեան վրայէն` ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:
 
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ