Շաբաթ, 3 Սեպտեմբերին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան գործակցութեամբ` Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան 10-րդ խումբին բժիշկները ՍՕԽ-ի Հալէպի ընկերաբժշկական կեդրոնի դարմանատան կրկին տրամադրեցին բժշկական և առողջապահական պարագաներ:
 
Կեդրոնի պատասխանատունները շնորհակալութիւն յայտնեցին հայ բժիշկներուն՝ բժշկական պարագաներու և ամէնօրեայ բուժօգնութիւն ցուցաբերելու համար: