Յոյն Ուղղափառ համայնքի Հալէպի Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսին հրաւէրով, Շաբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմին կողմէ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի պատմական թաղամասին մէջ գտնուող Յոյն Ուղղափառ համայնքի «Ս. Աստուածածնի Վերափոխման» վերանորոգուած եկեղեցւոյ եւ Առաջնորդարանի բացման արարողութեան։
Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին նախագահութեամբ եւ Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարարին, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու, իսլամ կրօնաւորներու եւ քրիստոնեայ համայնքապետներու ներկայութեամբ։