Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Դամասկոսի Ժողովրդային Պալատէն ներս, Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ-Ասատ ընդունեց Սուրիոյ մէջ 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի պաքալորիայի պետական աւարտական քննութիւններուն բարձրագոյն նիշեր ապահոված առաջնակարգ աշակերտները եւ պարգեւատրեց զանոնք։
Առաջին Տիկինը խօսք առնելով ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին արձանագրած յաջողութիւնը ամիսներու ժրաջան աշխատանքի եւ յոգնութեան արգասիքն է։ Դուք այս գերազանց արդիւնքը արձանագրեցիք շնորհիւ, առաջին հերթին, ձեր ծնողներուն, որոնք ձեր մէջ ուսման ու զարգացման հանդէպ սէր սերմանեցին։ Երկրորդ՝ շնորհիւ ձեր ուսուցիչներուն, որոնց կը կոչեմ ուսման, գիտութեան եւ երկրին զարգացման սիրոյն զոհուող զինուորներ»։
Առաջին Տիկինը շեշտեց. «Հակառակ պատերազմի, պաշարումի եւ տեղահանութեան դժուար պայմաններուն, պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեցիք, որովհետեւ ձեր կամքը եւ յաջողութեան նպատակը պայմաններէն շատ աւելի զօրաւոր էին»։
Ան եզրափակելով ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը յաջողութեան տարբեր պատմութիւն ունի, իսկ դուք, բոլորդ, Սուրիոյ պատմութեան էջերուն մէջ պիտի յիշուիք որպէս գերազանց եւ Սուրիոյ անունը բարձր պահող շրջանաւարտներ»։