Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն եւ Նեւատայի քոնկրէսական Տինա Թիթուս միացած են Քոնկրեսի աւելի քան 45 անդամներէն բաղկացած երկկուսակցական խումբին՝ կոչ ուղղելով պետական քարտուղար Էնտընի Պլինքընին եւ ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուերին՝ Արցախի` վտանգի տակ գտնուող հայ բնակչութեանն աջակցելու նպատակով անյապաղ քայլեր ձեռնարկել՝ զգալի ռեսուրսներ յատկացնելով:
 
Ինչպէս յայտնած են ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբէն՝ քոնկրեսականները նամակ ուղղած են Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 31-ամեակին առիթով:
 
Նամակը ուղղած քոնկրեսականներէն Նանեթ Բարագան, Թոնի Քարտէնաս, Անտրէ Քարսոն, Ճուտի Չուն, Քեթրին Քլարք, Ճիմ Քոսթան, Ճէյսոն Քրոուն եւ խումբ մը այլ քոնկրեսականներ:
 
«Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ դիմակայել ծանր դժուարութիւններ, որոնք յառաջացած են 2020_ին ատրպէյճանական ուժերու սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմի, նաեւ անմեղ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուող շարունակական յարձակումին պատճառով։ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը հաստատած է, որ Հայաստան տեղափոխուած աւելի քան 90 000 փախստականներ, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ, երեխաներ եւ տարէցներ են, կը տառապին մարդասիրական սուր ճգնաժամէ»,իրենց նամակը այսպէս սկսած են քոնկրեսականները:
 
Ապա անոնք ընդգծած են, որր 2021_ի տնտեսական տարին 5 000 000 ԱՄՆ տոլար ֆինանսաւորումը, որ ստանձնած էր ԱՄՆ ՄԶԳ-ն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Հայաստանի միջգերատեսչական արձագանգումի ծրագիրի միջոցով յատկացուած օգնութիւնը անբաւարար եղած են այդ ճգնաժամը լուծելու համար:
Անոնք ընդգծած են ԱՄՆ օգնութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հայերուն համար Բերձորի միջանցքի փակման, շատ հայ ընտանիքներու տարհանման, իրենց տուները լքելու մասին:
 
«Մենք կոչ կ’ուղղենք պետական քարտուղարութեան եւ ԱՄՆ ՄԶԳ-ին՝ էապէս աւելցնել ֆինանսաւորումը, որ ուղղակիօրէն պիտի օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան՝ բնակարանային, սննդի, ջրի, առողջապահութեան, ականազերծման եւ այլ հարցերու լուծման հարցով: Մենք նաեւ կը յորդորենք ձեզի ձեռնարկել կարելի բոլոր գործողութիւնները՝ պաշտպանելու Ատրպէյճանի կողմէն վերահսկուող տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային վայրերը, որոնք ներկայիս վտանգի տակ են՝ ըստ բամազաթիւ հաղորդագրութիւններու», շեշտած են քոնկրեսականները:
 
Անոնք նաեւ նամակին մէջ խնդրած են թարմացնել այն որոշակի գործողութիւնները, որոնք Պայտընի վարչակազմը ձեռնարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վտանգի տակ գտնուող հայերուն օգնելու համար, նաեւ՝ ծրագիրներու, գործընկերներու, պիւտճէներու եւ արդիւնքներու մասին տեղեկատուութիւնը: Քոնկրեսականները նկատած են, որ Փետրուար 2021_ին ԱՄՆ ՄԶԳ-ի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի մասին հրապարակուած վերջին զեկոյցը հնացած է եւ չէ տուած տուեալներ, որոնք անհրաժեշտ են առողջ քաղաքական որոշումներ կայացնելու համար: «Մենք խստօրէն կը յորդորենք ձեզ կատարելու մարդկային ճգնաժամի թարմացած կարիքներու գնահատում եւ որքան կարելի է շուտ օգնութիւն տրամադրել շահագրգիռ կողմերու»,եզրափակած են քոնկրեսականները: