«Ապառաժ» – Ատրպէյճան կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը։ Ան յայտարարած է, որ Օգոստոս 2022-ին Բերձոր քաղաքի եւ Աղաւնօ գիւղի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումէն ետք, Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծը պատրաստուած է։
Նախագիծին համաձայն, պիտի քանդուի գմբէթին գագաթը, պիտի ծածկուի զանգակատունը եւ հիւսիսային ճակատին պիտի տեղադրուին երկու մինարէթներ։