Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 6 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 20:16-ին, Իսրայէլ Լաթաքիոյ արեւմտեան շրջանէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Հալէպի Միջազգային Օդակայանին ուղղութեամբ։
Յարձակումին հետեւանքով օդանաւներու վայրէջքի բաժինը վնասուեցաւ, հետեւաբար օդակայանը աշխատանքէ դադրեցաւ։