Աւարտած է հալէպի պետական համալսարանի Արաբերէն Լեզուի եւ Գրականութեան ճիւղը։

Բարձրագոյն ուսումը շարունակելով ստացած է հալէպի պետական համալսարանի Կրթական Ձեռնհասութեան աստիճանագիրը։

Անդամ է ուսուցիչներու արհմիութեան։
Կը դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն եւ այլ վարժարաններէ ներս։

Հրատարակած է բանաստեղծական իր արաբերէն ժողովածուն, ինչպէս նաեւ մասնակցած է պետական, ազգային եւ երիտասարդական բանաստեղծական փառատօններու՝ արժանանալով գնահատագրերու։

Որպէս թատերագիր գրած ու բեմականացուցած է արաբերէն ու հայերէն թատերգութիւններ, ինչպէս նաեւ որպէս դերակատար մասնակցած է թատերական ներկայացումներու։