Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հալէպի օդակայանին ճամբով նախատեսուած եւ ծրագրուած բոլոր թռիչքները պիտի փոխանցուին Դամասկոսի միջազգային օդակայան, նկատի ունենալով իսրայէլեան յարձակումը Հալէպի միջազգային օդակայանին վրայ, եւ վերջինիս աշխատանքէ դադրիլը։ Նախարարը կոչ ուղղեց հանրութեան՝ հարկ եղած կարգադրութիւնները ընելու եւ ճշդելու իրենց մեկնումի օրն ու ժամը՝ համադրաբար օդանաւային ընկերութիւններու եւ անոնց համապատասխան գրասենեակներու հետ, մինչեւ Հալէպի միջազգային օդակայանին նորոգութիւնն ու վերաբանեցումը։