Տարեկան բանակումները գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած են գաղութիս միութիւններուն համար: ՍԵՄ-ը նոյնպէս անմասն չի մնար այս աւանդոյթէն եւ ամէն տարի կը կազմակերպէ միութեան տարեկան բանակումը, որ իրականութեան մէջ տարեկան գործունէութեանց ամփոփումը կարելի է համարել:
ՍԵՄ-ի այս տարուան բանակումը կը կրէր մերօրեայ հերոս, Շուշիի մէջ նահատակուած հրամանատար Յարութ Բանոյեանի անունը: Բանակումի ընթացքին Բանոյեանի շունչն էր, որ կը թեւածէր կարծես բանակավայրին վերեւ, ուր կազմակերպ աշխատանքի, ընկերասիրութեան եւ գաղափարական հասունութեան ենթահողը կը պատրաստուէր:
Բանակումը հարուստ էր դասախօսութիւններով, զրոյցներով, հարց-պատասխաններով, հաւաքական աշխատանքի տարբեր ծրագիրներով, իսկ ընկերային մթնոլորտը օրէ օր աւելի ջերմ կը դառնար: Յանձնախմբային ու խմբային աշխատանքները մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ մը ստեղծած էին ու իւրաքանչիւր խումբ, յանձնախումբ կը փորձէր իր լաւագոյնը ներկայացնել՝ անդամներու այլազան տաղանդներու յայտնաբերումով:
Հալէպէն, Քեսապէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն եւ Դամասկոսէն 140 ՍԵՄ-ականներ մասնակից դարձած էին «Յարութ Բանոյեան» բանակումին: Թէեւ մասնակիցները տարբեր շրջաններէ էին, բայց անոնք հաւաքուած էին մէկ գաղափարի շուրջ եւ այդ էր իրենց միասնականութեան գաղտնիքը: Կարծէք մէկ ընտանիքի անդամները ըլլային:
Բանակողները մէկ շաբթուան ընթացքին մօտէն ծանօթացան ՀՅԴ պատմութեան, զրուցեցին հայ երիտասարդը հետաքրքրող զանազան նիւթերու շուրջ, հարստացուցին իրենց գիտելիքներն ու ամենակարեւորը կարծիքներու անկաշկանդ փոխանակումով տարբեր առաջարկներ ներկայացուցին:
Հակառակ երկրի տնտեսական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն, ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ յաջողցնելու կազմակերպ, օգտաշատ եւ դրական մթնոլորտով բանակում մը:
Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնը այն դարբնոցն է, ուր կը թրծուին սուրիահայ երիտասարդներ ու կը նախապատրաստուին ծառայելու ազգային հաւաքական կեանքին:
Մէկ շաբաթ բնութեան մէջ, քաղաքի աղմուկէն ու ելեկտրականացած կեանքէն հեռու, ՍԵՄ-ականները նոր թափով ու կորովով ներշնչուեցան, միացան մէկ երդիքի տակ ու Քեսապի գեղեցիկ բնութեան մէջ իրենց միտքը զարգացուցին, մարզանքներով առողջ ապրելակերպի նախապատրաստուեցան ու երեկոյեան ընկերական խրախճանքներով ընկերային իրենց կապերը ամրապնդեցին:
Մեր փափաքն է, որ ՍԵՄ-ականներու միջեւ այս կապը միշտ ջերմ մնայ  ու խթան հանդիսանայ նոր ծրագիրներու:
Վեհան Պարսումեան