«Aid to the Church in Need» միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնը 2022-ի նորապսակ զոյգերուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց, ներկայ տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ անոնց օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով։
Նորապսակ ութ զոյգերու օժանդակութեան բաշխումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 29 Օգոստոս 2022-ին, Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի ներկայութեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից մարմինին կողմէ, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։