Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը հաւատարիմ իր ազգապահպան առաքելութեան` սփիւռքի մէջ գիր ու դպրութեան ճամբով կը նպաստէ նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ջամբելու յոյժ կարեւոր գործընթացին։

Արդարեւ, Համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը նոր սերունդի ուսումնական կարիքները բաւարարելու համար, 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը Ազգ.Միացեալ ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտներուն գրենական պիտոյք յատկացնելու գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ։

Սոյն նախաձեռնութիւնը ի գործ դրուեցաւ Քանատայէն դամասկահայ Մարալ Գորէսեան-Սեւերեկլեանի բարերարութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ, ի յիշատակ իր
հօր` ննջեցեալ Ժիրայր Գորէսեանի։

Հաւաքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 5 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին , «Ահարոնեան» կեդրոնի շրջափակէն ներս, աշակերտներուն եւ ծնողներուն ներկայութեան։

Վարչութեան ատենապետուհին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յայտնելով նախաձեռնութեան շարժառիթն ու նպատակը, դիտել տալով, որ համազգայինի առաքելութեան կրթական բաժինը առանցքային է յատկապես նոր սերունդի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ, քաջալերելու զանոնք յաճախել հայկական վարժարաններ։
Ան յատուկ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին սրտաբուխ նուիրատուութեան համար, որ առիթ ընծայեց ուրախացնելու համազգայինի հոգածութեան կիզակէտ հանդիսացող մեր թանկագին մանուկները, յաջողութիւն եւ քաջառողջութիւն մաղթելով անոր։

Վարչութիւնը պատրաստած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, որմէ ետք 45 աշակերտներ ստացան գրենական պիտոյքի ճոխ հաւաքածոյ մը,
յաւելեալ եռանդով սկսելու իրենց ուսումնական տարին։