Քուէյթահայ գործարար, հասարակական գործիչ եւ բարերար Տիար Կիրակոս Գույումճեան, Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2022-ին, Քուէյթի Ազգային վարժարանէն ներս, «Ս. Ներսէս Շնորհալի»-ի ամէնամեայ մրցանակը յանձնեց, 2021-2022 տարեշրջանի Պաքալորիայի պետական քննութեանց 100% գնահատականով, առաջին դիրք գրաւած ուսանող՝ ՌԱՆԻ ԹԱՇՃԵԱՆԻՆ:

Հանդիսութեան ներկայ էին, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը, Տէր եւ Տիկին Կիրակոս Գույումճեանը, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Ք.Ա.Վ.-ի Տնօրէնը ու Հոգաբարձութեան ներկակացուցիչները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ։

Սոյն մրցանակը, որ 2017ին պաշտօնապէս կանոնագրուած է, նախաձեռնութիւնն է Պրն․ Կիրակոս Գույումճեանին (1000 քուէյթեան տինար) որ կը յանձնուի Ք.Ա.Վ.-ի պաքալորիայի բարձրագոյն նիշ ապահոված հայ ուսանողին: Նոյն մրցանակը նաեւ կը գործէ Հալէպի մէջ։
Անոր նպատակն է՝ քաջալերել հայ աշակերտը, որպէսզի ան ձգտի գերազանցութեան եւ նուաճէ ուսումնական լուսաշող հորիզոններ։

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին՝ Վարժարանիս Տնօրէն՝ Տոքթ․ Ներսէս Սարգիսեանը, Պրն. Կիրակոս Գույումճեանն ու Հոգշ. Հայր Սուրբը, որոնք վեր առին գերազանցութեան կարեւոր երեւոյթը եւ Ռանիին մաղթեցին յարատեւ վերելք։

Աւարտին, օրուան մրցանակակիր՝ Ռանին յայտնեց իր ջերմագին շնորհակալութիւններն ու երախտիքը սիրելի’ վարժարանին ու յարգարժան բարերարին։

Նշենք, որ անցնող տարեշրջանին, Ք.Ա.Վ-ի 《60 Ամեակ》 սերունդը, պատուաբեր արդիւնքներով, փայլուն էջ մը արձանագրեց վարժարանի պատմութեան մէջ։