Սեպտեմբեր 1, 2 եւ 3 2022-ին, Ճեզիրէ շրջանի երեք շրջաններու’ Գամիշլիի Ս. Յակոբ, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եւ ՏԷրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարանները, այս տարի եւս երկրորդ տարին ըլլալով միատեղ ու համախումբ կատարեցին իրենց ճամբարը, որ կրեց «Սրբոց Ղազանչեցոց Աստուածաշնչական Ճամբար» վերնագիրը, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Ճեզիրէի կիրակնօրեաներու տեսուչ Արժն. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ մասնակցութեամբ ուսուցչաց կազմին ու աշակերտութեան։
Ճամբարը տեղի ունեցաւ (Թարթապ) գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Տարբեր շրջաններէ մասնակցող աշակերտներուն համար առիթ էր ծանօթանալու այլ շրջաններու կիրակնօրեայի աշակերտնելուն եւ միասնաբար հիւսելու եռօրեայ ճամբարի անմոռանալի յիշատակներ։
Այս Տարի մեր ուրախութիւնը մեծ էր, որովհետեւ մեզի ընկերակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէկեանը, որուն ներկայութիւնը ուրախութիւն պատճառեց բոլորին։ Ան օգտաշատ գիտելիքներ հաղորդեց մեր աշակերտներուն։

Ճամբարը իր եռօրեայ տեւողութեամբ կ՛ընդգրկէր հարուստ օրակարգ՝ սաղմոս երգեցողութիւն, դասախօսութիւններ եւ Աստուածաշնչական խաղեր, աղօթքի պահերուն կողքին։
Աշակերտները կեդրոնացումով հետեւեցան հայր Եսայիի դասախօսութիւններուն, որոնց առաջին նիւթն էր Շուշիի Սրբոց Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ եւ Արցախի շրջանի բոլոր եկեղեցիներու պատմութիւնը, մանաւանդ Ղազանչեցոցի նշանակութիւնը Շուշիի պատմական եւ մշակութային անշարժ սրբութիւններու ցանկին մէջ։
Ան դիտել տուաւ, որ եկեղեցին խորհրդանիշ դարձած է դիմադրողականութեան եւ հողին կառչելուն։ Այնտեղ դարերէ ի վեր մինչեւ մօտիկ անցեալին գրուած են քաջութեան, հայրենասիրութեան ու նուիրումի ամենագեղեցիկ էջերը։

Հայր Էօրտէքեանի երկրորդ դասախօսութիւնը կը վերաբերէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի առաքելութեան՝ հայ ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ, որուն ընծայած բարձր մակարդակի ուսուցման եւ որակաւոր դաստիարակութեան շնորհիւ կը ծնին հոգեւորականներ եւ ուսուցիչներ, աշխարհով մէկ կը տարածուին ու իրենց ազդեցիկ դերը կ՚ունենան իրենց ծառայած շրջաններէն ներս։ Ան պատմեց նաեւ իր անձնական փորձառութեան մասին։
Կիզիչ արեւուն շոգը յագեցուց երրորդ օրուան աւազանագնացութիւնը, որմէ անմիջապէս ետք մասնակիցները պատրաստուեցան խարուկահանդէսի։ Վերջինիս ներկայ էին ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներու ծնողներ, որոնց երթեւեկը ապահովուած էր արդէն, քաջալերելու աշակերտներն ու ուսուցչաց կազմը։
Խարուկահանդէսի յայտագիրը ամփոփ ու գեղեցիկ էր։ Մասնակիցները ներկայացուցին իրենց սորված սաղմոսները, աղօթքներն ու շարականները, եւ Ղուկաս Աւետարանիչէն 10-րդ գլխուն բարի Սամարացիին առակին թատրոնը։
Խօսք առին վարժարաններու տեսուչ Տ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան եւ հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
Քահանայ հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կիրակնօրեայ դպրոցի դերակատարութեան՝ հայ մանուկի կեանքին մէջ եւ անոր ընտանիքէն ներս եւ արժեւորեց ծնողներու քաջալերանքն ու ցուցաբերած վստահութիւնը։

Իր կարգին, հայր սուրբը նախ գոհունակութիւն յայտնեց բարձրացեալ Տիրոջ, ապա մեծապէս ողջունեց հայր Էօրտէքեանի շինիչ մասնակցութիւնը եւ գնահատեց ուսուցչաց կազմը։

Հայր սուրբը հայ եկեղեցին նմանցուց տունի մը, որուն հիմքը հայ ընտանիքն է, իսկ կորիզը քրիստոնէական ուղիղ ուսուցմունքն է, երդիքը՝ ազգային արժէքները, որոնց պահպանումով եկեղեցին պիտի ծաղկի զուգահեռաբար ազգին ու ժողովուրդին ծաղկումին, ապահովելով անոր յաւերժականութիւնը։ Աւարտին կատարուեցաւ Անդաստանը ու հոգեւորական դասուն առաջնորդութեամբ աշակերտները մոմերով վառեցին խարոյկը, յայտարարելով յաջողութիւնը ճամբարին ու խոստանալով յառաջիկայ տարիներուն կազմակերպել նմանօրինակ ձեռնարկներ զայն աւանդոյթ դարձնելով։

Ռիթա Տէր Սարգիսեան- Կարապետեան