Տարիները կը սահին, սակայն եագուպիէցիներու ծննդավայր վերադառնալու յոյսը ո՛չ միայն չի մարիր, այլ կ’աճի եւ անոնք հաւատքով լեցուած կը սպասեն վերադարձի այդ երանելի օրուան, ժամուն, վայրկեանին։
Տասնամեակէ մը ի վեր եագուպիէցիք Ս. Աննայի ուխտագնացութիւնը կը կատարեն օտարութեան մէջ, արդարեւ վերջին անգամ 2012 թուականին էր, որ մենք եւ մեզի հետ մեծաթիւ սուրիահայեր Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցի ուխտի գացինք։ Յետոյ եկաւ սեւ օրը՝ 27 Յունուար 2013-ը, երբ Եագուպիէի մէջ տեղակայուած բանակը պարտադրաբար հեռացաւ գիւղէն՝ իր տեղը զիջելով զինեալ ահաբեկիչներու…
Շաբաթ, 27 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան ժամը հինգին,  ներկայութեամբ Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան վարչականներու, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի մատաղ օրհնէքի աղօթքի պաշտօնական արարողութիւնը։ Նոյն օրը խումբ մը եագուպիէցիներ ամբողջ գիշեր արթուն կը մնան՝ եփելու աւանդական հերիսան՝ յաջորդ օրուան պատարագէն ետք հիւրասիրելու Ս. Աննայի ուխտաւորները։
Կիրակի, 28 Օգոստոսի առաւօտեան, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մուտքին եագուպիէցի երիտասարդներ կը դիմաւորեն հաւատացեալները եւ անոնց կուրծքերը կը զարդարեն Ս. Աննայի նկարով։ Մեզի համար ուրախալի է նկատել, որ եկեղեցին լեցուն է հաւատացեալներով, ուրեմն հաւատքը տակաւին մեծ տեղ կը գրաւէ մեր ժողովուրդի սիրտին մէջ, երեւոյթ մը, որ մեզի յոյս կը ներշընչէ, կը զօրացնէ մեր հաւատքը ապագային հանդէպ՝ վերադառնալու մեր ծննդավայր Եագուպիէն։
Պատարագի աւարտին, Բերիոյ Թեմի Գամիշլիի Առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն Վարդապետ Եղիայեան կը կատարէ մատաղօրհնէքը, որմէ ետք մեր երիտասարդներուն պատրաստած եւ հայկական ծէսով օրհնուած հերիսան կը բաժնուի ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն։
Նաեւ պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահէն ներս Ե.Հ. Միութեան Տիկնանցը բոլոր ներկաները կը հիւրասիրէ սուրճով։ Սրահէն ներս կը գտնուին քահանայ հայրեր, Թաղական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ։ Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան ատենապետ Աբրահամ Երէցեան շնորհակալական ջերմ խօսքեր կ’ուղղէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամներուն, որոնք ամէն դիւրութիւն ընծայած էին՝ հեզասահօրէն կատարելու Ս. Աննայի ուխտի օրը Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Պարտք կը զգանք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին, որ հայրական հոգատարութիւն ցուցաբերեց վտարանդի եագուպիէցիներուն հանդէպ։
Մենք՝ եագուպիէցիներս, թէեւ ամենուրէք կը զգանք մեր հայրենակիցներուն աջակցութիւնը, սակայն ամէն անգամ մենք մեզի հարց կու տանք. «Մինչեւ ե՞րբ Սուրբ Աննայի ուխտագնացութիւնը մեր ծննդավայրէն հեռու պիտի կատարենք…»։
Ու խոր հաւատքով եւ մեծ յոյսով մենք մեզի կը պատասխանենք.
«Շուտով պիտի վերադառնանք մեր ծննդավայր՝ Հայկական Եագուպիէ»։
Աբրահամ Երէցեան