Նոր քերթուածի մը ուրուագիծը կը մրոտէի, երբ հասնող նամակ մը իր զնգոցով ինքզինք կը յայտարարէ. բարեկամէս՝ Խաչիկ Թէօլէօլեանէն է, որ իր մտորումները կը գրէր, կարդալէ ետք «Այդ Գրագէտները» («Գանձասար» Յուլիս Ա. 2022):
Խաչիկը, Սփիւռքի մեր ամէնէն հաստատուն (solid) մտաւորականներէն մին, իրողութիւններ կը նշէր այնքան իրապաշտօրէն, որ իր խօսքերը, իրենց ճշգրտութեամբ, նշդրակի պէս սկսան ջիղերս քերթել մէկիկ-մէկիկ: Միայն մե՞նք, սփիւռքահայե՞րս ենք, որ կը զգանք ահաւոր վտանգը, որ կը մօտենայ յամրաքայլ … մենք կը զգանք, որովհետեւ հարիւր եւ քանի մը տարի առաջ ապրուած սարսափը արիւնով մեզի փոխանցուեր է: Իրողութիւն է՝ միա՛յն այն, որ կը զգայ վտանգը,  ձեւ եւ միջոց կը փնտռէ ու նաեւ կը գտնէ այդ վտանգէն խուսափելու, այդ վտանգը շրջանցելու կամ զայն դիմագրաւելու համար, ըստ պայմաններուն: Եթէ այս այսպէս է, ուրեմն մե՛նք, սփիւռքահայերս պէտք է պատասխանատու ըլլանք մեզի մնացած հողին, մե՛նք է որ պէտք է տնօրինենք անոր գալիք ուղին, որովհետեւ մե՛նք է որ գիտենք եւ սորված ենք խուսանաւել այն ահաւոր ճախճախուտին մէջ, որ կը կոչուի թրքականութիւն: Այլ խօսքով, ինչպէս բանիմաց երիտասարդ մը կ’ըսէր վերջերս՝ «Գալիք գոնէ հինգ տարիներուն Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամբողջութեամբ պէտք է սփիւռքայերէ կազմուած ըլլայ»:
«Երեւանի տունդ պահա՞ծ ես դեռ» կը հարցնէր Խաչիկը. այս մէկ անմեղ ու պարզ հարցումը տակնուվրայ ըրաւ զիս: Տասնամեակ մը եւ աւելի առաջ ուրիշ բարեկամ մը՝ Րաֆֆի Սէթեան, նոյնքան հաստատուն մտաւորական, նման հարցում մը տուեր էր՝ «Կրնա՞ս ելլել Սուրիայէն»: Այն օրերուն տակաւին սուրիական պատերազմը ոչ միայն չէր սկսած, այլ անոր կասկածն իսկ չունէինք:
Հեռուէն դիտողը աւելի յստակ կը տեսնէ, կ’ըսէ ժողովուրդը:
Պատռեցի թուղթը, որուն վրայ սկսեր էի քերթուածս գրել (այո՛, թուղթի վրայ, մատիտով. թուղթին ու մատիտին սիրաբանութենէն ծնած տողերը այլ խորք կ’ունենան կարծես). պատռեցի, յիշելով Վահէ Օշականի մէկ խօսքը՝ «Երբ փողոցը ոստիկանն ու քաղաքացին կը կռուին, անբարոյականութիւն է մայթին կենալ եւ գարուն երգելը» (յիշողութեամբ):
44-օրեայ պատերազմին ստեղծած խանդավառութենէն ետք եկած ցաւը, ցասումը եւ ի վերջոյ յուսահատութիւնը շատ արագ եկեր էին մանաւանդ մեզի՝ սուրիացիներուս համար, որոնք տակաւին չէին հաշտուած իրենց երկրին մէջ ստեղծուած, հրահրուած պատերազմին հետ. լիբանանահայերուն համար ալ շատ արագ հասեր էին այս դէպքերը, հակառակ անոր, որ իրենց գողգոթան շատ աւելի վաղ սկսեր էր քան սուրիական պատերազմը: Եթէ կ’ուզէք,- si tu veux պիտի ըսէր ֆրանսահայը,- բոլոր հայերուն համար ալ այս ցաւն ու յուսաբեկումը շատ արագ հասեր էին, որովհետեւ տակաւին ո՛չ հաշտուած ենք թրքական բարբարոսութեան հետ, ոչ ալ հատուցում ստացած:
Այդ օրէն՝ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, մինչեւ այսօր շատեր գրեցին եւ կը շարունակեն ընկերային ցանցերու վրայ գրել, արտայայտելու համար իրենց ցաւն ու ցասումը. բայց շատ յաճախ բառերը այնքան տժգոյն կը մնան մեր ապրածին եւ զգացածին բաղդատմամբ, որ կը կորսնցնես հաւատքդ ո՛չ միայն մարդկային արդարութեան, այլ եւ մարդկային հաղորդակցութեան ու լեզուին հանդէպ: Եւ այդպէս է որ լռութիւնը մեծափառ կը նստի էութեան մէջ, թեւերը տարածելով:
Բայց այդ լռութիւնը նաեւ քեզ ինքզինքիդ կը վերադարձնէ, կը մղէ, կը ստիպէ որ հեռու կեցած ընկերային ցանցերուն թոհուբոհէն մտորումներու տրուիս, հարցադրես քեզ շրջապատող դէպքերը, մէկ առաւել մէկի պարզ տրամաբանութեամբ տեսնես մեծաքայլ մօտեցող վտանգը, բայց … անճրկած մնաս, չգիտնալով ի՛նչ ընել:
Միհրան Քիւրտօղլեան կը գրէ.
« … ազգային ու կազմակերպական մեծ ու փոքր մեր նախաձեռնութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուին հակազդեցութեան օրէնքով, պատահարներուն հակազդելու հրամայականով եւ ոչ թէ նախատեսութեամբ, ծրագրումի աշխատելաոճով: Հիմա հակազդելու կարողութիւնն ալ խամրած ըլլալ կը թուի: Նորագոյն փաստը Արցախի կարգ մը գիւղերու հայ բնակիչներու տեղահանութիւնն է, որուն չհակազդեցինք եւ զոր դիտեցինք համր լեզուով եւ պաղ աչքերով…:
Ինչո՞ւ արդեօք: Ահա չարչարող հարցականը»:
Հետաքրքրական է այս «չհակազդեցինք, պաղ աչքերով դիտեցինք»ը: Երբեմն ես ալ ճիշդ նոյնը կը մտածեմ, բայց չեմ հարցներ ինչո՞ւ, որովհետեւ գիտեմ, որ երբ մէկ ցաւը չենք հասկցած, մարսած, անոր բոլոր հարցերը լուծած, երկրորդը կու գայ, երրորդը կը հասնի, եւ երբ շարքը կ’երկարի, կարծես ցաւը մեզ անտարբեր կը դարձնէ: Ոչ թէ անտարբեր, այլ ան-գիտակ, կամ՝ շատ գիտակ նման ծանր հարցեր լուծելու մեր անկարողութեան: Որովհետեւ եթէ անհատական ցաւը կը փորձես քու միջոցներովդ յաղթահարել, հաւաքական ցաւին համար հաւաքականութեան պէտք ունիս, երկրի պէտք ունիս եւ պետութեան:
Ջարդի օրերուն պետութիւն չէինք, փոքրամասնութիւն էինք:
Անցնող երեսուն տարիներուն սակայն դարձանք պետութիւն, ունեցանք երկիր, եւ զգացինք որ ի վերջոյ տեղ մը կռթնելու, բռնելու տեղ ունինք:
Այսօր սակայն հողը մեր ոտքերուն տակէն երբ կը փախչի, ո՞ւր կռթնինք …
Եւ կրկին մէկ առաւել մէկի տրամաբանութեամբ կը տեսնենք մօտեցող վտանգը,  բայց հակազդեցութիւն չենք ցուցաբերեր, որովհետեւ յոգնած ենք մեր չհատնող ցաւէն, որովհետեւ ա՛լ ուժ չունինք յուսալու, որովհետեւ կը գիտակցինք մեր ղեկավարութեան ապիկարութեան, մեր բոլոր ղեկավարներուն, կամ ղեկավարական սիստեմին ապիկարութեան, եւ մենք մեզ մուկի պէս անկիւնի մը մէջ բռնուած կը զգանք:
Յետո՞յ:
Մինչեւ մեռնիս, ապրի՛ր, կ’ըսէ ապրելու բնազդը: Եւ կ’ապրինք:
Հիմա թող ոչ ոք ինծի քարոզ կարդայ, որ պէտք չէ յուսահատիլ, պէտք է շարունակել յուսալ՝ մեր Աստուածը մի՛շտ մեզի հետ եղեր է, այսօր ալ դուռ մը կը բանայ …
Բայց մեր Աստուածը նաեւ մեզի խելք տուեր է որ մտածենք, բան մը ընենք, ձեռնածալ չսպասենք գալիքին …
Պարզ զուգադիպութի՞ւն էր միայն, որ երկար տարիներ մեզ սպասցնելէ ետք, ԱՄՆ-ի պետութիւնը, միննէթով ընդունելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս այդ, անկէ կարճ շրջան մը ետք չարիքներու դուռը փանտորայի սնտուկին պէս բացուեցաւ մեր երկրի գլխուն:
Նոյնն է պարագան այն բոլոր երկիրներուն, որոնք «ճանչցան» Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախ՝ ինչպէ՞ս «ճանչնալ» իրողութիւն մը, որուն մէջ այդ երկիրներէն շատեր դեր ունեցած են, այսինքն ի սկզբանէ ճանչցած են (բառին գրաբարեան իմանալ իմաստով) ցեղասպանութիւնը: Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ կը նշանակէ ճանչնալ իրողութիւն մը, որ փաստուած է, փաստագրուած եւ արձանագրուած ոչ թէ մեր, հայերուս կողմէ, այլ նախ թուրք ջարդարարներուն կողմէ, ինչպէս անոնց յղած հեռագրերով, ապա օտար դեսպաններու, միսիոնարներու եւ զինուորներու կողմէ նամակներով, օրագրութիւններով եւ լուսանկարներով:
Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով, անոնք հայերուն կարծէք ոսկոր մը նետած կը վերադառնան իրենց գործուբանին, որ յաճախ հայերուս եւ մեր երկրին՝ Հայաստանի դէմ է: Ուրեմն ի՞նչ դեր ունի անոնց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը, երբ դրական հետեւանքներ պիտի չունենայ այդ ճանաչումը, հարց կու տամ:
Բայց մեծագոյն հարցը ինքզինքիս է որ կու տամ՝ մինչեւ ե՞րբ այսպէս ձեռնածալ պիտի մնանք եւ սպասենք:
Որովհետեւ երբ ժամանակը հատնի, շատ ուշ պիտի ըլլայ արդէն:
Մարուշ Երամեան