Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2022-ին, անմոռանալի դէպք մը պատահեցաւ. երբ կը կարծէի, թէ սովորական ամէնօրեայ կեանքս պիտի ապրիմ այդ օրը եւս, աչքերս բացի եւ ինքզինքս գտայ սենեակի մը մէջ: Այդ սենեակին մէջ ոչինչ կար բացի դուռէ մը, բայց չէք կրնար երեւակայել, թէ այդ դուռը որքան հսկայ, որքան ընդարձակ եւ որքան շքեղ դուռ մըն էր։
Սկսայ մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնամ այդ դուռը բանալ: Յանկարծ նկատեցի, որ դրան բանալին բռնած եմ: Այդ պահուն շատ զարմացած էի եւ սարսուռ մը պատած էր մարմինս։ Մօտեցայ դրան՝ բանալու զայն, սակայն տակաւին չբացած, դրան ետին հնչած ձայները ուշադրութիւնս գրաւեցին: Փաստօրէն ներսը մարդիկ կային. ոմանք կուշտ ու կուռ կը խնդային, այնքան մը, որ կարծէք աշխարհը շատ փոքր էր իրենց ուրախութեան հետ համեմատած: Ուրիշներու լացի ձայնը մտածել տուաւ, թէ ոմանց արցունքները անձրեւի նման կը յորդէին…:
Վերջապէս բացի դուռը: Երբ առաջին քայլը առի դէպի ներս, անզգալաբար մուտք գործած էի թատրոնի աշխարհ։
Ես եւ ընկերներէս ոմանք ծանօթացանք այս աշխարհին, որուն մասին շատ քիչ տեղեկութիւն ունէինք։
Միշտ հետաքրքրուած էի թատրոնով եւ փափաքած մաս կազմել թատերախումբի մը, սակայն առիթ չէի ունեցած։
Երբ սկսան փորձերը, մտմտուքներ անդադար կը տողանցէին մըտքիս մէջ. «արդեօ՞ք կրնամ, ինչո՞ւ ես, կը վախնամ, չեմ ուզեր փորձել, լաւ չէ ըրածս»։
Բարեբախտաբար այս վիճակը երկար չտեւեց: Եկաւ փորձութեան օրը: Մեզմէ պահանջուեցաւ երեսուն երկվայրկեանուան մէջ մէկ վայրկեաննոց թատերական ներկայացում մը գրենք ու ներկայացնենք։
Ես յաճախ կը խուսափէի նման փորձութիւններէ, այդ օրը, սակայն, անսահման փափաք ունէի բան մը մէջտեղ բերելու: Այդ փափաքը Աստուծոյ նուէրն էր կարծէք, որովհետեւ վախերս փարատեցան եւ կատարեցի պահանջուածը։ Կը կարծեմ, որ տպաւորիչ ներկայացում մը հրամցուցինք: Բոլորը տպաւորուեցան, ես ալ ապշած էի բեմական ինքնավստահ վիճակէս։
Բախտաւոր ենք, որովհետեւ ունեցանք այնպիսի ուսուցիչ մը, որ մեզ սիրեց ու մեր մէջ տաղանդ տեսաւ ու առիթ ընծայեց, որ արտայայտենք մեր ունեցածը:
Վստահ եղէ՛ք, որ ձեր կեանքին մէջ ունիք եւ պիտի ունենաք այսպիսի մարդիկ, որոնք կրնան տեսնել ձեր մէջ թաքուն մնացած ձիրքեր։ Եթէ այս առիթը չհրամցուէր ինծի, հաւանաբար ես չանդրադառնայի իմ ձիրքերուս, պարզապէս հետաքրքրութիւն համարէի ունեցածս։
Ուստի երբ առիթը ներկայանայ ձեզի, մի՛ փախչիք, ոչ ալ անտեսեցէք զայն, այլ ընդունեցէ՛ք սիրով եւ քաջութեամբ ու շնորհակալ ըլլալով մէկտեղ աշխատեցէ՛ք ձեր լաւագոյնը ի յայտ բերել։
Ալինա Ղարիպեան