Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հալէպի Միջազգային Օդակայանէն ներս թռիչքները բանիլ սկսան այսօր՝ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2022-ի կէսօրուընէ սկսեալ։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ քաղաքային օդանաւային ընկերութեան թեքնիք աշխատակազմը, գործակցաբար բարեկարգչական հաստատութիւններու հետ, ամբողջացուց Հալէպի Միջազգային Օդակայանին մէջ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով վնասուած բաժիններուն վերանորոգման աշխատանքը։