«Ապառաժ»._ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան անդրադարձած է Արցախի ճանաչման գործընթացին. «Արցախի ճանաչման գործընթացը տակաւին կը շարունակուի։ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցած են շարք մը երկիրներ, ինչպէս օրինակ, Աբխազիան, Հարաւային Օսիան, Մերձտնեսթրին, ԱՄՆ-ի և Աւստրալիոյ տասնեակ նահանգներ, Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներ։ «Այսինքն, աստիճանաբար ճանաչման գործընթացը յառաջ կ’երթայ, Արցախը ճանչցած են 2000-3000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքներ, ինչպէս Լոս-Անճըլըս, որ 15 միլիոն բնակչութիւն ունի։ Այսինքն, գործընթացը յառաջ կ’երթայ, թէեւ անիկա շատ բարդ է։ Բայց մենք երբեք պիտի չհրաժարինք այդ գործընթացէն։ Հասկնալի է, որ կան միջազգային քաղաքականութեան խաղի կանոններ, շահեր, բայց այնուամենանիւ, կը յորդորեմ չմոռնալ, որ Ալիեւ կ’ըսէր, թէ զինք կը պարտադրեն Արցախը ճանչնալ։ Այսինքն, մենք երբեք պիտի չհրաժարինք այդ գործընթացէն ու ինքնորոշման մեր իրաւունքէն։ Միջազգային ճանաչումը, անշուշտ, կրնայ շատ-շատ երկար տեւել, բայց մինչ այդ կարեւոր է, որ մենք ունենանք ապահով ներկայ եւ ապագայ Արցախի համար, եւ ատիկա չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, ատիկա ապագային կործանումի կ՚առաջնորդէ»։