ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան 14 Սեպտեմբերին պիտի մեկնի Լիբանան։ Պէյրութի մէջ այդ օրը տեղի պիտի ունենայ «Դիմադրութիւն» շարժումին զօրակցութեան հաւաքը։

Սաղաթէլեան գրած է. «Հանդէս պիտի գամ ելոյթով, ներկայացնելու ներկայ իրավիճակի բոլոր նրբութիւնները։
Յատկապէս վերջին օրերու զարգացումներուն լոյսին տակ, սա աւելի քան կարեւոր նախաձեռնութիւն կը համարեմ։ «Դիմադրութիւն» շարժումը դիմատետրի շարժում չէ։ Ոչ ալ դահլիճային կամ ինչ-որ դասական շրջանակներու շարժում։ Անիկա համահայկական է եւ մեր հարցն է խօսիլ իւրաքանչիւր սրտցաւ մարդու, խումբի ու համայնքի հետ։ Մեր հարցն է նաեւ ուշադիր լսել այդ մարդիկը, քննարկել անոնց հետ զարգացման ամէն կարելի ծրագիր եւ կեանքի կոչել լաւագոյն առաջարկները։

Թող ոչ ոք յոյս ունենայ, որ կրնայ մէկ բաժակ ջուրի մէջ փոթորիկ կազմակերպելով շեղել մեզ ու մեր ժողովուրդը իր ընթացքէն։ Այսօր ողջ հայութեան հետ խօսելու պահն է։ Ողջ հայութեան հետ միասնաբար լուծումներ գտնելու պահն է։ Եւ մենք պիտի շարունակենք երթալ այդ ճամբով՝ աշխատիլ իւրաքանչիւր սրտցաւ հայու հետ եւ ունենալ ակնկալուած արդիւնքներ»։