Պրակի մէջ լոյս տեսած է չեխ յայտնի գրող ու ճամբորդ Կարէլ Հանսայի «Արեւելքի Արհաւիրքները» գիրքին հայերէն քննական թարգմանութիւնը՝ «ՕՐԵՐ» եւրոպական ամսագիրի կայքէջի գլխաւոր խմբագիր, Կարլի համալսարանի դոկտորանտ Աննա Կարապետեանի աշխատասիրութեամբ։

Թարգմանիչը գրած է նաեւ գիրքի նախաբանն ու քննական թարգմանութեան հետ առնչուած բացատրական յառաջաբանը, ինչպէս նաեւ մօտ 500 ծանօթագրութիւններ, որոնք ներկայացուած են գիրքի վերջաւորութեան։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հանսայի ընտանեկան արխիւէն նոր լուսանկարներ, որոնք չկային չեխերէն հրատարակութեան մէջ։

Տեղեկացնենք, որ Կարէլ Հանսայի այս գիրքը չեխերէնով առաջին անգամ լոյս տեսած է 1923 թուականին Չեխիոյ մէջ, իսկ երկրորդ անգամ վերահրատարակուած է 2006 թուականին Պրակի մէջ՝ «Օրեր» ամսագիրին նախաձեռնութեամբ եւ ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանի յառաջաբանով։

Յիշեցնենք, որ գիրքին մէջ Կարէլ Հանսան ոչ միայն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը մինչեւ 1920-ական թուականներ, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապաստանած հայ գաղթականներու կեանքն ու հայկական որբանոցները։

Օտարագիր ճամբորդի այս գիրքը առաջին վկայութիւններէն մէկն է Հայոց Ցեղասպանութեան։

Գիրքը հրատարակուած է «Մարլենքա Ինթըրնէշընըլ» ընկերութեան նախագահ Գէորգ Աւետիսեանի մեկենասութեամբ։