Այսօր առաւօտ՝ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2022-ին, Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ-ի) ընտրութիւններու Բերիոյ Հայոց Թեմի Հալէպի թեկնածուները՝ երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեան, երկրչփ. Մարալ Գալայճեան եւ տիար Արա Մութաֆեան այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան, ստանալու Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանին օրհնութիւնը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ։

Հայր Սուրբը օրհնելով թեկնածուները, իր զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ ընտրական աշխատանքներուն մէջ:
Հայր Սուրբը այս առիթով քաջալերական խօսք ուղղեց նաեւ Թեմի շրջաններու հայ թեկնածուներուն եւ մաղթեց որ յաջողութեամբ պսակուին իրենց ընտրողական աշխատանքները։

Թեկնածուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ազգային Իշխանութեան, իրենց վստահութեան համար, եւ խոստացան լաւագոյնս ծառայել ի նպաստ Թեմի ժողովուրդի բարօրութեան։

Յիշենք, որ Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ նահանգներու Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ-ի) ընտրութիւնները։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր համայնքի զաւակներուն, իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնը կատարելով մասնակցելու քուէարկութեան։