Ի՞ՆՉ է  KETO DIET-Ը
Keto diet-ը քիչ քանակով ածխաջրեր պարունակող սննդակարգերու՝ Atkins diet-ի եւ low Carbohydrate diet-ի միացումն է, որուն ընթացքին կ’օգտագործենք այնպիսի ուտեստեղէն, որ կը պարունակէ քիչ քանակով ածխաջրեր (Carbohydrats), չափաւոր քանակով սպիտակուց (protein) եւ բարձր քանակով ճարպեր։
Այս սննդակարգին միտք բանին այն է, որ երբ անձը սպառէ 50 կրամէն պակաս ածխաջրեր (carbohydrates) իր առօրեայ սնունդին մէջ, կը մտնէ ketosis-ի վիճակի։
Ketosis-ը ի՞նչ է
Ketosis-ը այն վիճակն է, երբ մարմինը կ’օգտագործէ ճարպերը որպէս կենսուժի աղբիւր։
Ընդհանրապէս բնական սննդականոնի հետեւելու ընթացքին ուտեստեղէնին մէջ գտնուող ածխաջրերը կը վերածուին շաքարի, որ ետքը կը տեղափոխուի ամբողջ մարմնին շուրջ եւ շատ կարեւոր է ուղեղի սնուցման եւ աշխատանքին համար։ Երբ մեր առօրեայ սննդականոնը աղքատ ըլլայ ածխաջրերով, լեարդը ճարպերը կը վերածէ ketogenic մարմիններու եւ ճարպաթթուներու (fatty acids), որոնք կ’ուղղուին ուղեղ եւ կը փոխարինեն շաքարը որպէս կենսուժի աղբիւր։
Քիչ քանակով keto-ի մարմիններ երբ հաւաքուին մէզին մէջ, այս կը նշանակէ, որ մարմինը սկսած է ճարպերը օգտագործել որպէս կենսուժի աղբիւր, իսկ երբ արեան մէջ գտնուին keto-ներ, այս կը նշանակէ որ մարմինը մտած է «ketoacidosos»ի վիճակի մէջ, այսինքն՝ արեան թթուայնութեան բարձրացման փուլ, որ այս պարագային վտանգաւոր է եւ տուեալ անձը անմիջապէս պէտք է կապուի մասնագէտ բժիշկի հետ։
Keto diet-ի տեսակները
1.- Standard Keto Diet
Այս տեսակը կը պարունակէ քիչ քանակով ածխաջրեր եւ չափաւոր քանակով սպիտակուց՝ ընդհանրապէս կը բաղկանայ 75% ճարպերէ, 20% սպիտակուցէ եւ 5% ածխաջրերէ։
Այս տեսակը ամէնէն ընդհանրացած տեսակն է։
2.- Cyclical keto diet
Այս տեսակին մէջ կ’օգտագործուի բարձր ածխաջրեր պարունակող սնունդ, այսինքն՝ 5 օր keto-ի յատուկ սնունդ, իսկ 2 օր՝ ածխաջրերով յատուկ սնունդ։
3.- Targeted keto diet
Այս տեսակի սնունդին արտօնուած է աւելցնել ածխաջրեր մարզանքի ընթացքին։ Այսինքն նախքան կամ յետ մարզանքի ժամերը ընդունիլ ածխաջրերով հարուստ սնունդ։
4.- High protein ketogenic diet
Այս տեսակը կը նմանի առաջին տեսակին, այսինքն սովորական ketodiet-ին, սակայն կը պարունակէ աւելի մեծ քանակով սպիտակուց։ Այսինքն սնունդը կը բաղկանայ 60% ճարպերէ, 35% սպիտակուցէ, իսկ 5% ածխաջրերէ։
Որոնց թելադրելի չէ ketodiet-ի հետեւիլ։
1.- Անոնք, որոնք լեղուցքի վիրահատութեան ենթարկուած են եւ կամ հարցեր ունին այս գծով։
2.- Անոնք, որոնք շատ նիհար են։
3.- Յղի եւ կրծքով կերակրող կանանց։
4.- 18 տարեկանէն վար անհատներու։
5.- Անոնք, որոնք ենթարկուած են ստամոքսային կամ աղիքային վիրահատութիւններու։
6.- Անոնք, որոնք կը տառապին ենթաստամոքսային գեղձի թերի աշխատանքէն։
7.- Անոնք, որոնք կը փափաքին մարզանքով զօրացնել եւ մեծցնել իրենց մկանները։
(շար.1)
Պատրաստեց՝ Շաղիկ Գաբրիէլեան