ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Հինգշաբթի , 1 Սեպտեմբերին Դամասկոս-Հոմս միջազգային ճամբուն վրայ ինքնաշարժի արկածով իր մահկանացուն կնքեց Լաթաքիոյ «Թշրին» ակումբի նախագահ Թարէք Զէյնին: 40 տարեկան Զէյնին վերջին երեք տարիներուն ստանձնած էր ակումբի նախագահի պաշտօնը եւ իր անսահման աշխատանքին շնորհիւ «Թշրին»-ը հերթական երեք տարի արժանացած էր Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, իսկ աղջկանց պասքեթի  կազմը  դարձած էր Սուրիոյ փոխախոյեան:
-Առ ի յարգանք «Թշրին» ակումբի հանգուցեալ նախագահ Թարէք Զէյնիին, Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը շրջաբերական մը հրապարակելով ներում շնորհեց բոլոր պատժուած մարզիկներուն, ինչպէս նաեւ մէկ շաբաթով յետաձգեց Սուրիոյ ախոյեանական մրցումները, որ նախատեսուած էր սկսիլ անցեալ Ուրբաթ:
-Սուրիոյ հաւաքականի նորանշանակ մարզիչ Հուսամ ալ-Սայետ յայտարարեց 23 խաղացողներու անունները, որոնց ներկայութեամբ տեղի պիտի ունենայ ուսումնամարզական հաւաք մը Դամասկոսի մէջ: Անուանացանկին մաս կազմեց նաեւ սուրիահայ Մարտիկ Մարտիկեանը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Սպանիոյ առաջնութեան չորրորդ փուլին, ախոյեան Ռէալ Մատրիտը շարունակելով իր յաղթարշաւը, Սանթիակօ Պեռնապէյի մարզադաշտին վրայ 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Պեթիսը:  Արքայական ակումբի զոյգ կոլերը նշանակեցին յարձակողական խաղացող  Ժունիըր Վինիսիոսն ու Ռոտրիկոն։ Ռէալը իր չորրորդ յաղթանակով ապահովեց 12 կէտ եւ գրաւեց աղիւսակի առաջին հորիզոնականը:  Փոխախոյեան Պարսելոնան նաեւ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սեւիլիան: Կոլերը նշանակեցին Ռաֆինեան, Ռոպէրթ Լեւանտովսկին եւ Էրիկ Կարսիան։ Պարսելոնան 10 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԻՒՆԱՅԹԸՏԸ ՅԱՂԹԵՑ ԱՐՍԵՆԱԼԻՆ
Անգլիոյ առաջնութեան 6-րդ փուլին, Մանչեսթըր Իւնայթըտ իր դաշտին վրայ դիմաւորեց աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւող Արսենալը: Կազմը տպաւորիչ խաղարկութեամբ կրցաւ 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնել մրցակիցը: 35-րդ վայրկեանին Մանչեսթըրի առաջին կոլը նշանակեց կազմին նոր միացած Այաքս Ամսթրտամի նախկին խաղացող Անթոնին: 60-րդ վայրկեանին Արսենալ յաջողեցաւ  նշանակել հաւասարութեան կոլը, որմէ վեց վայրկեան ետք Ռեշֆորտը կրկնապատկեց Մանչեսթըրի արդիւնքը, իսկ  75-րդ վայրկեանին նոյն մարզիկը արձանագրեց կազմին երրորդ կոլը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան