Թուրքիոյ սահմանամերձ Տէրիք քաղաքի հայութիւնը 2020-ի Սեպտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յիշատակեց Ս. Աստուածածնայ ծննդեան տօնը, որ դարձաւ եկեղեցւոյ ուխտի օր, տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի եւ ընդառաջելով Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի առաջարկին։
Պահելով այս աւանդութիւնը, այս տարի եւս Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան Տէրիքի մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ յիշատակուեցաւ Աստուածամօր ծննդեան տօնը, որ կը զուգադիպէր Վերացման Ս. Խաչի տօնին, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեանի, ինչպէս նաեւ Գամիշլիէն եւ Հասիչէէն ժամանած ուխտաւորներու, որոնց փոխադրութիւնը դասաւորած էր Գամիշլիի եւ Տէրիքի թաղականութիւնը։

Օրուան խորհուրդն ու պագամը ուղղեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը, որ նախ ժողովուրդին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Հայրապետին օրհնութիւնն ու ողջոյնները, ապա ողջունեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը, որ Ճեզիրէի բոլոր շրջաններէն եկած է մասնակից դառնալու Տէրիքի եկեղեցւոյ ուխտի օրուան, շեշտելով որ ազգային կառոյցները դպրոցներն ու եկեղեցիները գլխաւոր երաշխիքներն են մեր գոյատեւման, հետեւաբար արթուն մնանք, միշտ պատնեշի վրայ, պահելու եւ պահպանելու մեր լինելութեան ազդակները։ Ան մաղթեց, որ Աստուածամօր նախախնամութիւնը եւ Ս. Խաչի զօրութիւնը միշտ պաշտպան ըլլան հայ ազգին, հայոց բանակին ու հայութեան՝ սփիւռքի ամբողջ տարածքին: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցան Հերիսայի եւ Ռեհանի օրհնութիւնն ու բաշխումը։ Հերիսայի պատրաստութեան աշխատանքը ստանձնած էին Գամիշլիի Եկեղեցասիրաց տիկնանց կազմը, Տիրամայր Լուսվարդ Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ ՍՕԽ-ի Տէրիքի մասնաճիւղին եւ վարչութեան ատենապետ Սոնա Մովսէսեանի:
Նշենք, որ Շաբաթ, 10 Սեպտեմբերի երեկոյեան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աղօրհնէք, իսկ երեկոյեան՝ Հայրենասիրական երգերու երեկոյ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ազգային երգերու մեկնաբան Մարիա Չիչեան-Պայրամեան։ Նարիան ուրախ եւ անզուգական երեկոն իր հմայիչ ձայնով ջերմացուց եւ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն