Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) Կեդրոնական Վարչութեան:

Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցնող շրջանին իր կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Նորին Ս. Օծութեան յանձնեցին համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու առիթով պատրաստուած յուշանուէրը:

Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց, Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին՝ յիշեցնելով, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմական կառոյցներով, միշտ զօրավիգ կանգնած է ՀՄԸՄ-ի ազգանուէր գործունէութեան: