2009-ին, Հոմսի մէջ բացումը կատարուած էր գերազանցութեան եւ ստեղծագործութեան ազգային կեդրոնին։ 2012-ին, կեդրոնը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն թիրախին մէջ յայտնուեցաւ, ուստի կեդրոնի ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը տեղափոխուեցան այլ նահանգներ։ Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ներկայութեամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին, տեղի ունեցաւ կեդրոնին վերաբացումը։ Նախագահը մասնակից դարձաւ աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին ուրախութեան, շեշտելով, որ վերականգնումով եւ գիտութեան ուժով պիտի վերածաղկեցնենք Սուրիոյ նախքին փառքը։ Նախագահ Ասատ շրջագայեցաւ կեդրոնի տարբեր բաժիններուն մէջ եւ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի քարտուղարութեան, մասնագէտներուն եւ պատկան խորհուրդներուն հետ։ Հանդիպումին ընթացքին, կողմերը խորհրդակցեցան ուսումնական ծրագիրին եւ անոր զարգացման միջոցներուն շուրջ. հուսկ նախագահ Ասատ իր թելադրանքներն ու ցուցմունքները տուաւ պատասխանատու կազմին։