ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կոչ ուղղած է Եւրոմիութեան ղեկավարութեան Հայաստանի դէմ Ադրբեջանի յարձակումը յստակ դատապարտող դիրքորոշում դրսեւորելու:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ դուք ձեր ուժերուն ներածին չափով ձեր կարելին ընէք՝ դադրեցնելու ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը, որ Հայաստանի դէմ պետական մակարդակի այլատեացութեան եւ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան յստակ ցուցադրութիւն է: Մարդկային կեանքը անգնահատելի է` ըլլայ Ուքրանիոյ մէջ, թէ Հայաստանի: Որպէս Եւրոմիութեան քաղաքացիներ` մենք հաւատացած ենք, որ Ալիեւի նման բռնապետը չի կրնար գնել լռութիւնը կամ արժանապատուութիւնը` Եւրոմիութեան շատ փոքր ծաւալով կազի թէական մատակարարման դիմաց», ըսուած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:
Գրասենեակէն կոչ ուղղած ենք Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին, ԵՄ արտաքին գործերու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ փորելին, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆօն դեր Լայընին, Հարաւային Կովկասի Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Տոյուոյ Քլաարին կանգնիլ մարդկային կեանքի, արժանապատուութեան կողքին` ընդդէմ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին, որ վտանգի կ՛ենթարկէ ողջ տարածաշրջանի կայունութիւնը:
13 Սեպտեմբերի ժամը 00:05-էն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները Գորիսի,Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներով, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով սկսած են բուռն կրակ բանալ հայկական դիրքերու վրայ, կիրառուած են նաեւ Անօդաչու սարքեր:
Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաստատուած տուեալներով, հայկական կողմը ունի 49 զոհ:
ժամը 14:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի որոշ հատուածներուն մէջ կը շարունակէ խիստ լարուած մնալ: Հակառակորդը կը շարունակէ դիրքային առաջխաղացման փորձերը, մասնաւորապէս` Ներքին Հանդի, Վերին Շորժայի, Արտանիշի եւ Սոթքի ուղղութեամբ: