Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինը՝ Խաչվերաց տօնը Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Վերացման Ս. Խաչի տօնին նուիրուած հոգեպարար շարականներ երգեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, դպրապետ բարշ. Գօգօ սրկ. Տէր Վարդանեանի ղեկավարութեամբ։
Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը Քրիստոսի խաչին յատուկ յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ կը մօտենայ։
Հայր Սուրբը ներկաներուն պարզաբանեց Վերացման Սուրբ Խաչի տօնին խորհուրդը, յայտնելով, որ Քրիստոսի Խաչը զօրութեան եւ փրկութեան նշան է, սիրոյ արտայայտութիւն է, դէպի Աստուած բարձրանալու կամուրջ է եւ ողջ աշխարհին համար օրհնութիւն է։ Հետեւաբար, Խաչվերաց տօնին առիթով, ան հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի իրենց աչքերը սեւեռեն Քրիստոսի Ս. Խաչին եւ իրենց հաւատքը ամրապնդեն։
Եզրափակելով, ան հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի իրարու համար աղօթեն՝ ամէն օր «Պաղատիմք Առ Ս. Խաչ» աղօթքը արտասանելով։
Աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին հետ յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան։