Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Առաջնորդի Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի հանդիսապետութեամբ խաչի թափօր, անդաստան եւ ռեհանի օրհնութիւն կատարուեցաւ։
Անդաստանի կարգով Հայր Սուրբը օրհնեց աշխարհի չորս ծագերը՝ արեւելք, ապա արեւմուտք, հարաւ եւ հիւսիս։ Իւրաքանչիւր կողմ դառնալով դպիրները աղաղակեցին «Ամէն, ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա» գովերգութիւնը, ապա Հայր Սուրբը Խաչով օրհնութիւն սփռեց։
Աւարտին Հայր Սուրբը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ազգը հայոց, եկեղեցին Հայաստանեայց եւ ընդ հովանեաւ գումարեալ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Հայր Սուրբը Ս. Խաչով օրհնեց ռեհանը։
Հաւատացեալները Ս. Խաչին զօրութիւնը հայցելով եւ օրհնուած ռեհան ստանալով վերադարձան իրենց տուները։