Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ զգուշացուց ժողովուրդը ժանտախտի (քոլերայի) համաճարակէն: Այս առիթով «Գանձասար» դիմեց բժիշկ Պերճ Գասապեանին, որպէսզի անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցէ մեր ընթերցողներուն եւ իրազեկ դարձնէ զիրենք այս հիւանդութեան ախտանիշներուն եւ կանխազգուշացման միջոցներուն: 
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.
«Գանձասար»- Ի՞նչ է ժանտախտը, ինչպէ՞ս կը փոխանցուի ան եւ կը սպառնա՞յ արդեօք մարդոց կեանքին:
Բժշկ. Պերճ Գասապեան- Ժանտախտը՝ Քոլերան, մանրէի տեսակ մըն է, որ կը վարակէ եւ կը փոխանցուի մարդոց: Այս մանրէն կ’ազդէ մարդու մարսողական համակարգին եւ մանաւանդ բարակ աղիքներուն վրայ: Այս հիւանդութիւնը ժամանակին մահացու կը սեպուէր, սակայն բժշկութեան զարգացումով, դարմանումի միջոցներու յայտնաբերումով այս հիւանդութենէն մահացողներու թիւը բաւական նուազած է. ներկայիս, ժանտախտէ տառապող հիւանդներուն մօտաւորապէս 1%-ը միայն կը մահանայ: Այդուհանդերձ դարմանումի չենթարկուելու պարագային մահացութեան տոկոսը կը հասնի 60%-ի:
Հիւանդին դարմանումը կը կատարուի ախտանշաններու բուժումով, մանրէասպան դեղերու (antibiotics) օգտագործումով եւ առատ ջուր խմելով:
Ախտաճանաչումը կը կատարուի քննելով հիւանդին կղկղանքը, այսինքն՝ ապացուցելով քոլերա մանրէներու գոյութիւնը կղկղանքին մէջ:
«Գ.»-Ինչպէ՞ս կարելի է զերծ մնալ կամ պաշտպանուիլ այս հիւանդութենէն:
Բ.Պ.Գ.- Առողջապահական  խիստ միջոցառումներու կիրարկումով կարելի է կանխարգիլել ժանտախտը: Անիկա շուտով կրնայ համաճարակի վերածուիլ, եթէ կանխարգիլման միջոցառումները ձախողին:
Այս հիւանդութենէն պաշտպանուելու համար հարկ է.
-Հսկել ըմպելի ջուրի եւ սննդանիւթերու մաքրութեան,
-Դաստիարակել ժողովուրդը առողջապահական գիտելիքներով, օրինակ՝ յաճախ լուալ ձեռքերը օճառով եւ ջուրով,
-Հսկել կոյուղիներու մաքրութեան,
-Հականեխել հիւանդին գործածած սպասները եւ անկողինը,
-Լուալ անոր հագուստը օճառով եւ տաք ջուրով,

-Զերծ մնալ պատրաստ ճաշեր կամ սառոյցի կտորներ գնելէ եւ օգտագործելէ:

-Իսկ երբ նկատենք ժանտախտի ախտանշաններու գոյութիւնը, անյապաղ դիմել բժիշկին՝ դարմանուելու:
«Գ.»- Սուրիոյ մէջ տարածուա՞ծ է այս հիւանդութիւնը ներկայիս, համաճարակի վերածուա՞ծ է: Ինչպէ՞ս կը փոխանցուի այս մանրէն:
Բ.Պ.Գ.- Տարածուող լուրերուն համաձայն, այո՛, ժանտախտը տարածուած է Սուրիոյ մանաւանդ աղքատ շրջաններուն մէջ, ուր բացակայ են հիմնական ենթակառոյցները:
ժանտախտի յարուցիչը քոլերա (cholera) մանրէն է, որ կը տարածուի եւ կը փոխանցուի ոչ-առողջապահական պայմաններով: Հիւանդութիւնը կը զարգանայ միլիոնաւոր մանրէներու գոյութեամբ: Քոլերան առաւելապէս կը պատահի մանուկներուն, վատառողջ պայմաններու մէջ ապրողներուն, մարմնական տկար դիմադրողականութիւն ունեցողներուն: Զարգացող երկիրներու մէջ այս հիւանդութեան փոխանցումը եւ տարածումը տեղի կ’ունենայ ապականած եւ վարակուած ջուրի միջոցով, այսինքն՝ վարակուած ջուրի սպառումով եւ վարակուած ջուրով լուացուած սննդանիւթերու սպառումով: Իսկ զարգացած երկիրներու մէջ տարածումը տեղի կ’ունենայ ծովային կենդանիներու միջոցով:
Քոլերայի ախտանշաններ են՝ փորհարութիւն, սրտխառնուք եւ փսխում, հետեւաբար արեան ճնշումի անկում ջրազրկումին հետեւանքով: Անշուշտ սա չի նշանակեր, որ բոլոր փորհարութիւն ունեցողներն ու ճնշումի անկում ունեցողները Քոլերայով հիւանդացած են, բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ նախընտրելի է նման պարագաներու ապահովութեան համար անյապաղ բժիշկի դիմել: