Մօրս մահէն քանի մը տարի առաջ էր, երբ օր մը իրեն այցելեցի եւ տեսայ, որ շատ հին լուսանկարներուն տուփը գիրկը առած, մեծ խանդավառութեամբ … կը պատռտէր:
Հազիւ կրցայ մնացեալը փրկել, տագնապած, բարկացած. ամբողջ պատմութիւն մը, մեր ընտանեկան պատմութիւնն էր որ կը պատռտէր:
Հիմա կ’անդրադառնամ, որ այդ օրերուն շատ հաւանաբար սկսած էր իր ալզայմըրը, բայց ես չէի անդրադարձած, որովհետեւ բացարձակապէս միտքէս չէի կրնար անցընել, որ մայրս՝ խելացի, զարգացած եւ մեծ եռանդի տէր մայրս կրնար օր մը այդ հիւանդութիւնը ունենալ:
– Ի՞նչ կ’ընես:
– Կը պատռտեմ:
– Ինչո՞ւ:
– Մեռնելէս վերջ ուրիշները պատռելու այս անծանօթներուն նկարները, ե՛ս կը պատռեմ, վերջանայ երթայ:
Այդ «ուրիշները» որո՞նք կրնային ըլլալ ինձմէ, ամուսինէս եւ զաւակներէս զատ:
Բարեբախտաբար կրցայ գոնէ մնացեալը փրկել:
Անկէ ետք էր, որ սկսայ մտածել հօրենական եւ մօրենական ընտանիքներուս պատմութիւններուն մասին: Արդէն երկու մեծ հայրերս բնաւ չէի տեսած, իսկ մեծ մայրերս երկուքն ալ աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ մահացեր էին:
Այնքա՜ն բան ունէի հարցնելիք իրենց: Մօրենական մեծ մայրս լռակեաց կին մըն էր, հազիւ այո-ոչ պատասխանող, մինչ հօրենական մեծ մայրս շատ համով-հոտով պատմող մըն էր: Բայց երբ մահացեր էր, ես միայն ութը տարեկան էի եւ գրեթէ ոչինչ կը յիշէի իր հեքիաթներէն, ի մեծ ափսոսանք ինծի:
Ինչ որ իմացեր եմ, իմացեր եմ մօրմէս, որ յաճախ կեսրոջը հետ նստած, գաւաթ մը սուրճով զրուցեր էր թէ՛ իր, թէ՛ հօրս ընտանիքներուն մասին, որոնց հետ նոյն բակը ապրեր են որոշ շրջան մը:
Երբ Գալուստեան-Նուպարեան վարժարանին մէջ (Գահիրէ) «Փոքրիկ Գրողներ»ու խումբը կազմեցի, մասնակիցներուն գրեթէ բոլորին ալ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը եգիպտահայութեան կէս դար առաջուան պատմութեան մէջ դեր ունեցած մարդիկ էին, համով-հոտով պատմողներ, որոնց պատմութիւնները լսելով այնքա՜ն կ’ափսոսայի, որովհետեւ զանոնք գրի առնող չկար. պիտի կորսուէին այդ պատումները:
Սակայն որքան ալ յորդորէի «Փոքրիկ Գրողներ»-ս գրի առնել այդ բոլորը, իրենց կարելիին չափով անշուշտ, մտիկ չէին ըներ պատանեկան յամառութեամբ եւ կը շարունակէին նոյն հարցումը կրկնել.
-Բայց օրիորդ, ի՞նչ գրեմ …
Պիտի գայ օրը, գիտեմ, երբ պիտի յիշեն յորդորներս եւ ափսոսան անոնց չանսալու համար, որովհետեւ պիտի փնտռեն իրենց պատմութիւնը, բայց պիտի չգտնեն պատմողները:
Ինչո՞ւ համար սակայն այսքան ափսոսալ անցեալի մը, կորսուող անցեալի մը համար:
Որովհետեւ արդէն կորսնցուցած ենք ինչ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին ընտանեկան պատմութիւնն էր, ջարդերուն եւ գաղթին պատճառով. գաղթի ընթացքին մանր տղաքը, որոնք այսօր երէցներ են արդէն, չէին ուզեր պատմել իրենց կրած տառապանքներուն եւ տեսած խժդժութիւններուն մասին, բայց կը պատմէին, թէ ինչպէ՛ս, յամառ եւ ազնիւ աշխատանքով, հասած են հոն, ուր հասած են, արժանապատիւ կեանք ու երբեմն նաեւ հարստութիւն կտակելով իրենցմէ ետքի սերունդներուն: Ա՛յդ է, ջարդէն ետքի շրջանին իւրաքանչիւր ընտանիքի մեծ հօր պատմութիւնն է, որ գրուած չէ եւ որ պէտք է պահել, մանաւանդ որ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ կեանքը շա՜տ տարբեր է այլ գաղութներէ:
Այսօր մեզմէ քանի՞ն իր ընտանեկան ծառին արմատները կրնայ երկու սերունդէն անդին տանիլ …
Կ’ըսուի, թէ նման բաներ «ա՛լ արժէք չունին». թերեւս. բայց անոնք կրնան արժէք ունենալ, եթէ մենք անոնց արժէք տանք:
Քանինե՜ր այսօր կ’ըսեն ու կը կրկնեն՝ «Անիմաստ է գիրք եւ գրադարան պահելը, որովհետեւ անոնց ժամանակը անցած է, հիմա ամէն բան թուայնացած է, ինչ որ շատ աւելի հեշտ է եւ գործնական»:
Ինչո՞ւ ուրեմն աշխարհի մեծագոյն մատենադարաններն ու գրադարանները կը շարունակեն անխափան գործել, ինչպէս Library of Congress-ը, Փարիզի մատենադարանը, Հայաստանի Ազգային Գրադարանը, Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը եւ այլն: Այս կառոյցներուն վրայ եւ զանոնք եռանդուն պահելու համար հսկայական գումարներ կը ծախսուին պետութիւններու կամ որոշ կազմակերպութիւններու կողմէ (ինչպէս է պարագան Փարիզի Նուպարեան մատենադարանին): Եթէ մարդիկ համոզուած չըլլային անոնց կարեւորութեամբ, այդքան ջանք եւ նիւթական չէին «մսխեր»:
Մեր ազգին պէս բազմաչարչար վիճակ մը ունի նաեւ մեր պատմութիւնը, ընդհանուր Հայոց պատմութիւնն ու մեզմէ իւրաքանչիւրին ընտանեկան պատմութիւնը: Եթէ չենք կրնար մեր ազգային պատմութիւնը փոխել, կրնանք սակայն  մեր ընտանեկան պատմութիւնը գիրով պահել եւ պատումով փոխանցել մեր զաւակներուն եւ թոռներուն:
Հալէպի մէջ մանաւանդ, գրեթէ ամէն մարդ, ո՛ր «կողմ»-ին ալ պատկանի, գիտակից իր ընկերային պարտականութեան, սիրայօժար եւ նուիրումով կ’աշխատի միութեան մը մէջ: Այդ աշխատանքը  տարիներ կ’երկարի, յաճախ մինչեւ անհատի մը մահը: Այդ ընթացքին այնքան բան կը տեսնէ ան, այնքան հիւրեր կ’ընդունի եւ այնքան դէպքերու ականատես կ’ըլլայ … Բայց այս բոլորը կը դիտուին որպէս շատ սովորական, հետեւաբար ուշադրութեան չեն արժանանար: Բայց այդ մանր դէպքերը մեր՝ հալէպահայերուս ներկայ ժամանակներու պատմութիւնը կը կազմեն, ինչպէս եւ կը հարստացնեն իւրաքանչիւր ընտանիքի պատմութիւնը: Կրնա՞ք երեւակայել, թէ ի՜նչ պատիւ է պարգեւատրուիլ քսանհինգ, երեսուն կամ յիսուն տարուան նուիրումի համար: Մեր տիկիններէն շատեր արժանացած են այդ պատուին, բայց արդեօ՞ք պատմած են իրենց թոռներուն, թէ ճիշդ ինչո՛ւ ստացած են այդ պարգեւատրումը:
Հայկանոյշ Մարք, իր «Հայ Կին» հանդէսին 1930 Յունուարի թիւին համար կը խնդրէր ընթերցողներէն, որ իրենց  խոհագրերէն մէկը ղրկէին Կաղանդին համար: Սիպիլի գրած նամակը խմբագրուհիին (Գնալը, 13 Դեկտ. 29) շատ հետաքրքրական դրուագ մը ունի.
«Շատ տարիներ առաջ, այն երանելի օրերուն, ուր տիկ. Տիւսափ իր «Մայտա»ն հրատարակելով, առաջին անգամ հրապարակ նետեց կնոջ իրաւունքներուն հարցը, ամբուռք1 մը առաջ եկաւ գրական երկինքին տակ: Անշուշտ յիշողներ կան թէ ամէնքը իրար անցան, ներփողականներով, դրուատիքներով ծափաձայն ողջունեցին մեր գրագէտները՝ տաղանդաւոր վիպագրուհին: Գրիգոր Զօհրապն էր միայն որ ծառացաւ եւ ռմբակոծեց նորանշան այդ երկը իսկապէս ճշմարտազանցութեան իր նետերովը, որոնք իր ոսկի գրչին տակ զանակներ2, փայլակներ, կայծակներ արձակեցին շուրջանակի»:
«Բիւզանդ Քէչեան, Աղեքսանդր Փանոսեան, Արշակ Չօպանեան, Յովհաննէս Արշակունի եւ ուրիշներ բողոքեցին, եւ գլխաւորաբար Ռէթէոս Պէրպէրեան, որուն հզօր եւ երկարատեւ բանավէճը մեծ գրագէտին հետ բոլոր սրահներուն մէջ արձագանգեց: Նոր սերունդի կիները, անոնք որոնք քիչ շատ զարգացումի յաւակնութիւն ունէին, սրտմտեցան Զօհրապին դէմ, որ կը պնդէր թէ կիները տան եւ խոհանոցին մէջ պէտք է մնան, թէ անոնք իրենց հրապոյրը կը կորսնցնեն մտաւորական գետնի վրայ եւ թէ բոլոր ուսեալ կանայք անճարակ տանտիկիններ են, հաւկիթ մը խաշելու անկարող»:
«… Ժամանակին գրասէր եւ գրագէտ կիները դակտ ունեցան ձեռնպահ մնալու, գոնէ պաշտօնապէս, այդ պայքարին մէջ, որ ձմեռը տեղի կ’ունենար: Սպասեցին մինչեւ գարուն: Եւ Մայիսին մէջ օր մը, երբ հացկերոյթ մը սարքած էր Զօհրապ իր գրագէտ բարեկամներուն հետ, Ֆանարաքիի գեղազուարթ ծառաստանին ներքեւ, վերոյիշեալ գառնուկը (որուն խոհագիրը ներկայացուցած է Սիպիլ) սեղան բերուեցաւ, հետեւեալ պիտակով.
«Գիտուն կիներուն կողմէ մեծ գրագէտին»:
Եւ մեծ գրագէտը յայտարարեց թէ այդքան համեղ ոչինչ ճաշակած էր երբեք իր կեանքին մէջ»:
Այս դրուագը ձեւով մը կը հաստատէ Գրիգոր Զօհրապի կեցուածքը Սրբուհի Տիւսափի «Մայտա»ին դէմ, բան մը, որուն առաջին ընթերցումիս չէի հաւատացած. Գրիգոր Զօհրա՞պն է նման յետամնաց գաղափարներ արտայայտողը: Բայց իրաւ է, Զօհրապ իր ամբողջ համոզումով է որ դէմ գրած է Սրբուհի Տիւսափին:
Հաւանաբար գառնուկը պատրաստող «գիտուն կիներ»-էն մէկը մեծ հպարտութեամբ այս դէպքը պատմած ըլլայ իր զաւակներուն եւ թոռներուն … ընտանիքին ապահովելով հպարտութիւն առթող յուշ մը:
Յուշերը պէտք է մե՜ծ գուրգուրանքով պահել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն. երբեմն միայն ա՛յդ է որ կրնանք փոխադրել մեզի հետ, երբ կեանքի փոթորիկներուն մէջ իյնանք:
***
 Ամբուռք = փոթորիկ
 Զանակ = ոսկիի կամ արծաթի կտորտանք
Մարուշ Երամեան