Միշտ կը փափաքէի մօտէն ծանօթանալ մեր հայրենիքին, շփուիլ մեր հայրենակիցներուն հետ եւ ապրիլ անոնց առօրեան՝ ո՛չ միայն Երեւանի այլ նաեւ Հայաստանի տարբեր մարզերէն ներս:
Նման առիթներ ի՜նչ-ի՜նչ ապրումներ եւ աղերսներ կրնան հաստատել Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ:
ՀՅԴ Երիտասարդական Գրասենեակին նախաձեռնած ծրագիրներուն շնորհիւ, ընկերներուս հետ կրցանք այդ առիթը ստեղծել: Շուէտի Երիտասարդական Միութեան ընկերներով կազմակերպեցինք ճամբար մը եւ զանիկա «Դէպի Երկիր» անուանեցինք:
Այս մարզին մէջ մեր երկրորդ ծրագիրն էր, հետեւաբար որոշ փորձառութիւն ունէինք։
Վեց ամիս նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք մեկնեցանք Հայրենիք:
Կիրակի, 31 Յուլիս 2022-ին, առտու ժամը 6:00-ին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ուղղուեցանք դէպի Եռաբլուր։ Մեր անմահ հերոսներուն յարգանքի տուրք մատուցելէ եւ անոնց ուժը մեր հետ առնելէ ետք ճամբայ ելանք դէպի Կապան:
Սիւնիքի ճամբան աննկարագրելի գեղեցիկ էր, Լեռնային տեսարանները կարծես գծուած բնանկարներ ըլլային։ Կ’ուզէի աչքերով տեսագրել իւրաքանչիւր պատկեր, դէմք ու դէպք… Անյագօրէն կը դիտէի ծառերու շուքին նստած եւ նիւթերու քննարկման մէջ խորացած ծերունիները եւ փոքրիկներու աղմկոտ վազվզուքը…
Տարբեր զգացում մըն է, երբ հայրենիքի հողին վրայ կը զգաս հողին ուժը:
Ճամբարի առաջին իսկ օրէն Կապանէն մեծ թիւով պատանիներ եկած էին իրենց մասնակցութիւնը հաստատելու։ Մօտաւորապէս 120 պատանիներու ներկայութիւնը թէեւ առաւել լրջացուց մեր ստանձնած պատասխանատուութիւնը, սակայն առաւել բարձրացուց մեր եռանդը:
Պատանիներուն ուրախութիւնը կարելի էր կարդալ անոնց դէմքերէն: Նախորդ տարուան մասնակցող կապանցիները տարի մըն է մեզ կը սպասէին, չէ՞ որ խոստացած էինք վերադառնալ…։ Անոնք վազելով դէպի մեզ կու գային, կը փաթթուէին ու կ’արտայայտուէին. «Ձեզի շատ կարօտցանք, միւս ընկերները ո՞ւր են, չե՞ն եկած, նորէն ե՞րբ պիտի գաք, աւելի երկար մնացէ՛ք…»։ Անվերջանալի հարցն ու պատասխանը կը շարունակուէին…
Նկատի ունենալով հայերէն բարբառներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները, յաճախ մեր ընկերները կը հարցնէին, թէ արդեօք դիւրի՞ն է զիրար հասկնալը։
Անվարան կը պատասխանեմ, հաստատապէ՛ս դիւրին է, ընդհակառակն շատ հաճելի է ծանօթանալ մեր լեզուի, բարբառային հարստութեան թէ՛ արեւմտահայերէն, թէ՛ արեւելահայերէն ճիւղերուն: Մեր բարբառը չգործածելով վնասած կ’ըլլանք մեր լեզուին: Բնականաբար սկիզբը հասկցուիլը դժուար եղաւ, սակայն շուտով վարժութեան եւ ժամանակի հարց դարձաւ անիկա: Մենք արեւմտահայերէն կը խօսէինք եւ արեւելահայերէն կը լսէինք, իսկ կապանցի մեր հայրենակիցները՝ հակառակը եւ այսպէս իրարմէ կը սորվէինք: Շատ անգամ գրի կ’առնէի Կապանի բարբառը, որ շատ մօտիկ է Արցախի բարբառին: Օրինակ. Հո՞ւնց ըս, այսինքն՝ ինչպէ՞ս ես, կամ շտե՞ղ ըս, այսինքն՝ ո՞ւր ես…
Ինչքան կ’ազդուէինք երբ կը լսէինք պատանի կապանցիներուն արեւմտահայերէն խօսակցութիւնը, նոյնքան կը յուզուէինք երբ անոնց կը սորվեցնէինք այն կանչերը, որոնք սորված էինք Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան մէջ…
Ճամբարի յայտագիրը հետաքրքրական էր։ Օրակարգը կ’ընդգրկէր մարզանք, դրուագ՝ հայոց պատմութենէն, դասախօսութիւններ մշակութային կամ այլ նիւթերով (օրինակ՝ բնապահպանութիւն), պտոյտներ, այցելութիւններ եւ խաղեր:
Ամէն օր մեր միջեւ յարաբերութիւնը աւելի կը սերտանար։ Միասնութեան կամքը եւ յաղթանակներ կերտելու կորովը պատանիներու աչքերէն կը թափանցէին… Այդ յաղթանակները կ’իրագործուին երբ ունենանք միասնական Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք:
Բոլորս ալ չէինք ուզեր, որ ճամբարը իր աւարտին հասնի…
Նմանօրինակ աշխատանքները օգտակար են եւ պէտք է շարունակական բնոյթ ունենան։
Վստահ եմ, որ միայն միասնական յարատեւ պայքարով վերստին պիտի ճառագայթէ յաղթանակներուն արեւը։
Ծիլա Մարգէեան
Շուէտ