Ես…
ԵՍ…
Ե՜ս…
Իմ ըսածը:
Իմ ըրածը:
Իմ կարծիքը:
Իմ պաշտօնը:
Իմ համբաւը:
Իմ նկարը:
Իմ գրածը:
Իմ շահը…:
Մի՛ զարմանաք շատերուն մօտ բարդոյթի վերածուած եսասիրութիւն նկատելով: Անոնք կամ թերագնահատուած են երկար ժամանակ, կամ առիթ չեն ունեցած իրենց նախասիրութիւնները անկաշկանդ կիրարկելու, կամ ալ անտեսուած են իրենց անմիջական շրջապատին կողմէ:
Որքա՜ն հարցեր կրնան լուծուիլ, որքա՜ն խռովութիւններ վերջ կը գտնեն, որքա՜ն ջերմութիւններ կը վերականգնին, որքա՜ն խաղաղ կը դառնայ անձն ու իր միջավայրը, սակայն, եթէ կարելի ըլլայ յաղթահարել «ես»-ի բարդոյթը ու հաշտ աչքով դիտել բոլորին յաջողութիւնը, հաշտ ականջով ունկնդրել բոլորին կարծիքը ու կարենալ գտնել այնքան կարեւոր հաւասարակշռութիւնը այս բոլորին:
Համերաշխութիւն ստեղծելու համար չէ այս հաւասարակշռութիւնը, այլ ներքին խաղաղութիւն գտնելով յաջողութեան ուղիղ ճամբան գտնելու:
«Համերաշխութիւն մի՛ քարոզէք, զարգացումը բախումներէ յառաջ կու գայ», կ’ըսեն, բայց բախումները երկու կամ աւելի կողմերու կարծիքներու հանդիպումէն առաջ կու գայ, ոչ թէ մէկ ու միապաղաղ կարծիքէ:
Փշակն