15 Սեպտեմբերի 2022-ին հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են Փարիզի մէջ` երկրի ԱԳՆ շէնքին մօտ` իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու Ատրպէյճանի կանխամտածուած յարձակումին նկատմամբ` ընդդէմ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին։ Ցուցարարները կը վանկարէին «Կեցիր Ալիեւ: Դուրս կորիր Հայաստանէն», «Փանթուրքիզմ = ֆաշիզմ» և այլն:

Մօտաւորապէս 20 քաղաքական գործիչներ եկած էին աջակցելու հայկական պայքարին` ներառեալ Գաբրիէլ Աթթալ` երկրի կառավարութեան նախկին խօսնակ, իսկ այժմ Պետական հաշիւներու գիծով նախարար-պատուիրակը:

Իր խօսքին մէջ, Արա Թորանեան, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը, շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային, որ գրեթէ միակն է աշխարհի մէջ, որ դիւանագիտօրէն արձագանգած է իրավիճակին` խնդիրը փոխանցելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին: «Բաւական է ձեր գլուխները թաղէք հողին մէջ: Եթէ ոչ մէկուն չձգէք բաժնելու մեզ, մենք պիտի յաղթենք», ըսած է ան` որպէս օրինակ բերելով 1918_ի Սարդարապատն ու 1990-ականներուն Արցախը:

Ցոյցին միացած Բերիւան Ֆըրաթ` Ֆրանսայի Քրտական ժողովրդավարական խորհուրդի խօսնակը, յայտնեց. «Հայերու պայքարը, ճնշուած ազգերու պայքարն է, իմ պայքարս է: Այսօր ես հայ եմ: Էրտողան վտանգ է քուրտերու, հայերու, ասորիներու եւ Ֆրանսայի համար, Արեւմուտքի համար, մեր երիտասարդութեան և սերունդներու համար»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանն ալ իր կարգին աւելցուց. «Այսօր Պաքուն յարձակած է Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, ՄԱԿ-ի կողմէն ճանչցուած տարածքին վրայ: Անթոյլատրելի է յարձակում գործել ՄԱԿ-ի կողմէն ճանչցուած տարածքին վրայ եւ պատասխան չստանալ անոր համար ՄԱԿ-ի կողմէն։ Մենք կը վախնանք Հայաստանին, անոր անվտանգութեան եւ ժողովուրդին համար: Մենք պէտք է ելք գտնենք` ապահովելու ՀՀ-ի եւ Արցախի հայերու անվտանգութիւնը»: