ՏԵՂԱԿԱՆ
 ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 – Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութեան նախագահ Սալահ Ռամատանն ու փոխնախագահ Ապտուլ Ռահման ալ-Խաթիպ Քաթարի մէջ հանդիպում մը ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինոյի հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ սուրիական դաշտերու վերաշխուժացման հարցը: Ինֆանթինօն խոստացաւ յառաջիկայ օրերուն ՖԻՖԱ-ի եւ Ասիոյ ֆութպոլի դաշնութիւններու կողմէ յանձնախումբ մը ղրկել Սուրիա՝ մօտէն ստուգելու դաշտերու օրինաւորութիւնն ու ապահովական վիճակը:
Նշենք որ 2011-էն սկսեալ Սուրիոյ դաշտերը փակ են միջազգային մըրցումներու համար, երկրին մէջ տիրող պատերազմին հետեւանքով:
 – Համայի մէջ վերջ գտաւ Սուրիոյ հանրապետական բաժակի պասքեթի մրցաշարքը, որուն աւարտին ախոյեան հռչակուեցաւ Դամասկոսի Ուահտէն, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Սուրիոյ ախոյեան Ահլին 58 – 52 արդիւնքով:
– Ուրբաթ օր բացուած յայտարարուեցաւ Սուրիոյ  2022 – 2023 տարեշրջանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Հոմսի մէջ Իթթիհատը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Քարամէն, որուն յաղթանակի կոլը նշանակեց արհեստավարժ խաղացող Օքիքին: Դամասկոսի մէջ Ճէյշը 2 – 1 արդիւնքով յաղթեց Մաճտին, իսկ Ուահտէն 3 – 0 արդիւնքով կանոնագրային օրէնքին համաձայն յաղթական նկատուեցաւ, Ճեզիրէի կազմին բացակայելուն պատճառով: 3 – 0 արդիւնքով Ճապլէն յաղթեց Հըթթինին, իսկ Թալիան 2 – 1 արդիւնքով զիջեցաւ Ուասպէին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔԱՌԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Սերպիոյ մէջ ընթացող ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան, Արթուր Ալեքսանեան 5 -1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եւրոպայի գործող ախոյեան պուլկարացի Կիրիլ Միլովը։ Բազմաթիւ կիւմրեցիներ Վարդանանց հրապարակին մէջ հաւաքուած հետեւեցան գոտեմարտի ընթացքին։ Ալեքսանեան իր մարզական կեանքի ընթացքին արդէն չորրորդ անգամ նուաճեց ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան ախոյեանի կոչումը։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏՆ ՈՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՅԱՂԹԵՑԻՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՎ 
Սպանիոյ ախոյեանութեան 5-րդ փուլի մրցումներուն, քաթալոնէական Պարսելոնան 4 – 0 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Քատէշը: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 0 – 0 արդիւնքով: 55-րդ վայրկեանին, հանդիպումի առաջին կոլը նշանակեց Ֆրէնքի Տէ Եօնկը, որմէ 10 վայրկեան ետք, Ռոպերթ Լեւանտովսկի կրկնապատկեց արդիւնքը: Պարսելոնան կրցաւ դարձեալ երկու կոլեր նշանակել Ֆաթիի եւ Լեւանտովսկիի միջոցաւ: Մայրաքաղաքի արքայական ակումբ Ռէալ Մատրիտը շարունակելով իր յաղթարշաւը 4 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Մայորքան: Հանդիպումի 35-րդ վայրկեանին կոլերուն բացումը կատարեց Մայորքան, իսկ Ռէալի կոլերը նշանակեցին Վալվերտին 45-րդ, Վինիսիոս Ժունիորը 73-րդ, Ռոտրիկօ 89-րդ եւ Ռուտիկէր 89-րդ վայրկեաններուն:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան