Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Սուրիոյ 14 նահանգներու, 158 քաղաքներու, 572 աւաններու եւ 726 գիւղաւաններու մէջ ընթացք առին Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները:

Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 59498 թեկնածուներ, որոնք պիտի զբաղեցնեն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու 19086 աթոռներ:

Ընտրութիւնները ընթացք առին 7348 ընտրական կեդրոններու մէջ։ Այս տարի ընտրական կեդրոններուն թիւը 1200-ով աւելցած է՝ համեմատաբար 2018-ի ընտրութիւններուն հետ։

Հալէպի մէջ քաղաքացիները առաւօտեան կանուխ ժամերէն ուղղուեցան ընտրութեան կեդրոններ եւ իրենց սահմանադրական իրաւունքը կիրարկելով քուէարկութեան մասնակցեցան:

Հալէպահայ համայնքին ընտրութեան մեկնարկը կատարեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի Տեղապահ Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքապետ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Հայ Աւետարանական համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։

Տեղական ինքնակառավարման մարմինի Հալէպի Նահանգային խորհուրդի Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի երեք թեկնածուներն էին՝ երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեան, երկրչփ. Մարալ Գալայճեան եւ տիար Արա Մութաֆեան:

Ընտրութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00