Նախագահութեամբ հայ երեք հոգեւոր պետերուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ:
Համայնքապետներուն կողքին ներկայ էին՝ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի պատասխանատուն, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ, ազգային գործիչներ, Ազգային Վարչութեան անդամներ, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համայնքի զաւակներ:

Հոգեւոր Պետերը «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը արտասանելով մաղթեցին, որ Ամենակալը Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով նահատակուած բանակի զինուորներուն եւ զոհուած հայորդիներուն հոգիները լոյսի մէջ պահէ եւ երկնքի արքայութեան արժանացնէ, իսկ անոնց հարազատներուն Ս. Հոգւոյն մխիթարութիւնը պարգեւէ:

Աւարտին, հայր սուրբին հիւրընկալութեամբ, եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս հոգեւոր պետերը, Սուրիոյ խորհրդարանի Երեսփոխանները, ազգայիններ եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ դատապարտելով օրեր առաջ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ յարձակումները, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնեցին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին, Հիւպատոսութեան Խորհրդականին եւ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի պատասխանատուին, մաղթելով, որ Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն շուտով խաղաղութիւն վերահաստատուի:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: