Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2022-ին, սուրիական «Սաուրա» թերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի թելադրանքով, այսօր առաւօտեան, ելեկտրական սարքաւորումներու փոխադրակառք մը Հալէպ մուտք գործեց՝ Հալէպ նահանգին ելեկտրական իրավիճակը բարելաւելու համար։ Սուրիոյ ելեկտրականութեան հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Մայլաա լրագրողնեուն յայտնեց, որ Նախարարութիւնը լուրջ աշխատանք կը տանի նախքան 2022-ի աւարտը, Հալէպի մէջ 150 ելելտրական փոխակերպիչ գործիքներ տեղադրելու, որպէսզի Հալէպ նահանգին ելեկտրականութեան իրավիճակը ամենամօտ ժամանակամիջոցին բարելաւուի։