«Ապառաժ»._ 16 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Արևելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար կազմին հետ՝ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի գլխաւորութեամբ։ 17 Սեպտեմբերին տեղի ունեցսծ է նախարարի հանդիպում-քննարկումը ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ դաշնային քաղաքականութեան առնչութեամբ սեմինարի մասնակիցներուն հետ: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են ԱՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ ԱՄՆ-ի ու Քանատայի ԱՀ Մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան։

Նոյն օրը Վուտրօ Վիլսընի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի անվտանգութեան ու ազատութեան նուիրուած նախաձեռնութիւն, որուն ընթացքին նախարարը հանդէս եկած է ելոյթով։ Ներկաները միտքեր փոխանակած են Արցախի Հանրապետութեան մէջ տիրող իրավիճակին, արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ ներհայկական կապերուն վերաբերող նիւթերու շուրջ։

Նախարարը կարեւոր համարած է Հայ Դատի դերակատարութիւնը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, համազգային խնդիրներու լուծման, Արցախին մշտապէս սատարելու գործին մէջ։