«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»._Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղար Անթոնի Պլինքըն Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումին զօրքերը ետ քաշելու կոչ ուղղած է։ «Այսօր իմ մասնակցութեամբս ուղիղ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջև։ Հանդիպումի ընթացքին ըսի, որ ժամանակն է, որ զօրքերը ետ քաշուին ու դիւանագէտները վերադառնան սեղանի շուրջ», յայտնած է ան։