Երեւանի մէջ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ հանդիպումէն վերջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսին ըսած է, որ Հայաստանը կարեւոր նշանակութիւն ունի ԱՄՆ_ի համար եւ Քոնկրէսի անունով խստիւ դատապարտած է «ՀՀ տարածքներու վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները»։

«Միացեալ Նահանգները՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, յստակօրէն յայտնած է, որ հակամարտութիւնը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ։ Մենք կը շարունակենք հետեւիլ իրադարձութիւններուն եւ կը փափաքինք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային, խաղաղ եւ տեւական լուծման հասնիլ», ըսած է ան։

Անդրադառնալով 13 Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքնեդու վրայ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու յարձակման՝ Նենսի Փելոսի ըսած է, որ ԱՄՆ անմիջապէս արձագանգած է՝ կոչ ուղղելով դադրեցնելու բռնութիւնները եւ հրադադար հաստատելու։

«Մեր պատուիրակութիւնը յստակօրէն ընդգծած է, որ յարձակումը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի կողմէ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն վրայ։ Այս այցելութեան ընթացքին մենք կ’իմանանք որոշ մարտահրաւէրներ, որոնք կ՚ընդգծուին 2020-ի հակամարտութեան առնչուող խաղաղութեան համաձայնագիրին արդիւնքով», ըսած Նենսի Փելոսին։

 

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճէքի Սփիյըր յայտնած է, որ Ներկայացուցիչներու պալատը արդէն բանաձեւ ստորագրած է, որով կը դատապարտէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները։

 

«Յոյսով եմ, որ այդ բանաձեւով առաջ կ’ուղղուինք։ Մեր յանձնառութեան համաձայն, պիտի շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ դէմ պիտի կենանք Հայաստանի սահմաններու որեւէ փոփոխութեան», ըսած է Ճէքի Սփիյըր։

Իր կարգին, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ըսաւ. «Երախտապարտ ենք ԱՄՆ-ին, որուն միջնորդութեամբ ձեռք բերուեցաւ փխրուն զինադադար»։

 

«ԱՄՆ_ի որեւէ օժանդակութիւն կենսական նշանակութիւն ունի մեզի համար, յստակ պատժամիջոցները կրնան դառնալ մէկ լծակ ատրպէյճանական ծաւալապաշտական նկրտումներուն դէմ», ըսած է Ալէն Սիմոնեան։