21 Սեպտեմբեր 1991-ին Այո՛ ըսելով անկախութեան, Հայ ժողովուրդը իւրացուց իր դարաւոր երազանքն ու հունաւորեց պատմական ընթացք մը, որուն պսակը Արցախեան ազատամարտն էր, մեծագոյն ձեռքբերումը՝ հայոց երկրորդ պետականութեան փաստացի գոյութիւնը։
Անկախութեան տարեգրութեան արժանապատուութեան էջերը կերտեց սերունդ մը, որ անկախ պետականութեան երազանքին, ազգային իրաւունքներու եւ անոնց իրականացման լծուած պետականութեան համար պատրաստ էր անասելի խիզախումի։
Յամառ եւ ոչ միշտ սահուն ընթացքով, համազգային նուիրումով յաջողեցանք ամրացնել հայոց պետականութիւնը՝ ՀՀ քաղաքացի ըլլալու հպարտութիւն ներշնչելով ողջ հայութեան։
Ցաւօք, Անկախութեան 31-րդ տարեդարձը կը դիմաւորենք իրական պատերազմի միջավայրի մէջ, անվտանգային անասելի սպառնալիքներու, խոցուած ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, համազգային նուաստացման մթնոլորտի մէջ, անդառնալի մարդկային կորուստներու ցաւով։
Եւ, այդուհանդերձ, այսօր, աւելի քան երբեք, մեզ պէտք է միաւորէ Անկախ պետականութեան, ազգային գոյատեւման եւ ազգային արժանապատուութեան խորհուրդը։
Անկախութիւն նուաճած ու յաղթանակներ պարտադրած ժողովուրդը ընկրկելու իրաւունք չունի։
Հայոց պետականութեան ապագան կասկածի տակ դնող այս իրականութիւնը կարելի է յաղթահարել միայն համազգային նպատակներ բանաձեւելով, միասնականութեամբ եւ ազգային պետական մտածողութիւն կրող իշխանութեամբ։
Այդ ներուժը մենք ունինք, մենք կրնանք, մենք նոր պարտութիւններու իրաւունք չունինք։
Միասին պաշտպանենք մեր Անկախութիւնը, տէր ըլլանք պետականութիւն եւ արժանապատիւ գոյութիւն ունենալու մեր իրաւունքին:

«Հայաստան» դաշինք
21 Սեպտեմբեր 2022