ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի շիրիմին մօտ յայտարարեց. «Այսօր մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք մեր նորագոյն պատմութեան հերոսներէն Արամ Մանուկեանի յիշատակին, մարդ, որ մարմնացումն է հայոց պետականութեան գաղափարի, հայ բազուկի ամրութեան, հայի գաղափարի պաշտանմունքին, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ»:

«Արամ Մանուկեանի պատգամով, անոր էութեամբ սերունդներ սնած են և մեզի համար հպարտութիւն է, որ իր շուրջը հաւաքուած են իրմով ներշնչուած սերունդներու, ՀՅԴ յաջորդ ղեկավարներու շիրիմները` ընկեր Հրայրի, Խաժակի, Վահանի:
Մանուկեանի դրած հիմնաքարերով մենք պետք է շարունակենք մեր պայքարը յանուն հայրենիքի, յանուն անկախութեան, յանուն մեր հողային ամբողջականութեան և Արցախի ազատագրումի», յայտնեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։