Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ոգի ի բռին կը պայքարին «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին տիրելու եւ իրենց համաթուրանական իղձերը իրականացնելու համար, յատկապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն խաղաղասիրական կոչերը օգտագործելով եւ տրովադայի ձին քայլ առ քայլ Հայաստանին մօտեցնելով: Հայաստանի դէմ վերջին պատերազմը այս նպատակին կը ծառայէր առաւելաբար:

Այդուամենայնիւ, երբ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը գործի լծուեցան ու ցոյց տուին միջազգային օրէնքներն ու տարածաշրջանի երկիրներու ինքնիշխանութիւնը արհամարհող իրենց դրսեւորումները, միջազգային քաղաքական բեմը շարժեցաւ վերջապէս: Եթէ ամիսներ առաջ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի սպառնալիքը լրջութեամբ ետ մղելու ճիգեր չէին երեւեր, այսօր տարբեր կողմերէ քաղաքական յստակ ուղերձներ կը հնչեն այդ միջանցքը թուրքեւատրպէյճանական ազդեցութեան ենթակայ չդարձնելու առումով:

Նենսի Փելոսիի Երեւան այցելութեամբ ու Ատրպէյճանին ու Թուրքիոյ ուղղուած յստակ ուղերձով պարզուեցաւ, որ ԱՄՆ դէմ է նման միջանցքի Ատրպէյճանի տրամադրման: Իրան նոյնպէս սպառնական ոճով արտայայտուեցաւ միջանցքի հաստատման մասին, դիտել տալով որ Իրան տարածաշրջանի սահմաններու ոչ մէկ փոփոխութիւն կ’ընդունի:

Իրանի Իսլամական խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի ղեկավարը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Իրան տարածաշրջանի սահմանները փոխելու երազանքը մղձաւանջի կրնայ վերածել»: Միւս կողմէ, պէտք է ընդգծել, որ Ռուսիա եւս 9 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնութեամբ արձանագրել չէր տուած «Զանգեզուրի միջանցք» սահմանումին առնչուող որեւէ հաստատում:

Այնտեղ արձանագրուած էր «ճանապարհներու ապաշրջափակում» սահմանումը: Միջանցքի մերժման յստակ ուղերձներ հնչեցին նաեւ եւրոպական երկիրներէ, յատկապէս Ֆրանսայէն, որուն կարեւորագոյն ճիգը եղաւ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին արձագանգը հասցնել մինչեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ ու յստակօրէն դատապարտել Ատրպէյճանը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելուն համար:

Վերջին շաբթուան միջազգային քաղաքական բեմի զարգացումները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն բանեցնելու համար մրցակից կողմեր՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ գործակցութիւնն ու հարաւային Կովկասի մէջ ի նպաստ թուրանական ծրագրի նկրտումները հաշտ աչքով չեն դիտեր, որովհետեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին տիրապետելու ատրպէճանաթրքական ձգտումները չեն ծառայեր ո՛չ ԱՄՆ-ի ու Արեւմուտքի, ո՛չ Իրանի եւ ոչ ալ Ռուսիոյ շահերուն, նոյնիսկ եթէ տուեալ կողմերը մրցակից երկիրներ են:

Հայաստանի ի նպաստ նման քաղաքական համախմբում մը կրնայ նպաստել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ ատրպէյճանաթրքական վտանգին դէմ պաշտպանութեան: Հարկ է սակայն հայ քաղաքական ուժերու տարբեր ուղղութիւններով լարուած աշխատանքը, միեւնոյն ատեն Հայոց Բանակի հզօրացման ի նպաստ քայլերու ձեռնարկումը, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան տօնը վերածուի զիջումներուն վերջ տալու, Հայաստանի պաշտպանողական համակարգն ու անկախութիւնը ամրագրելու նոր մեկնարկի: