Հայրենիքէն հեռու , սակայն հայրենիքի ցաւով ապրող ու հայրենասիրութեամբ շաղախուած ՀՄԸՄ-ականը միշտ պատնէշի վրայ կանգնած է սփիւռքի ամբողջ տարածքին, պահելու իր ազգային դիմագիծը եւ պահապան մնալու ազգային արժէքներուն՝ մեկնելով իր «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանէն։

Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հայապահպանման ու հայակերտումի դարբնոցը։

ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդին կազմակերպութեամբ 15-19 Սետպ. 2022-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղին տարեկան բանակումը Գամիշլիի մօտակայ Ս. Աստուածածին ուխտավայրին մէջ։ Բանակումը կրեց «Աղաւնօ» անունը, որպէս խորհրդանիշ արդար պայքարի։

Բանակումին մասնակցեցան Գամիշլիի եւ Տերիքի շրջանի սկաուտները:
Բանակումի աւարտին՝ Կիրակի, 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ խարուկահանդէսը, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ,. Պէրպէրեանի, Պատկան Մարմինի, ՀՄԸՄ-ի Ս. Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Միհրան Տիգրանեանի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ Սկաուտներու ծնողներուն։
Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Արցախի Եւ Սուրիոյ Նահատակներուն յիշատակը յարգելով՝ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրքի մատուցմամբ, որմէ ետք հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ բանակումի պատասխանատու խմբապետուհի Նանար Սարգիսեան, որ նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ բանակումի անհրաժեշտութեան սկաուտական կեանքին մէջ։ Ան դիտել տուաւ, որ բանակումի «Աղաւնօ» անունը կը հաստատէ հայուն յարատեւ պայքարը սփիւռքի տարածքին ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն հայուն պապենական հողերուն վրայ։
Գեղարուեստական յայտագիրով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան սկաուտները, ներկայացնելով Արցախին եւ Հայաստանին նուիրուած երգեր, ասմունքներ եւ լոզունքներ։ Սկաուտները գեղեցիկ բուրքեր կազմեցին՝ խլելով ներկաներու ծափողջոյնները։
Վարչութեան ատենապետ բժիշկ Անդրանիկ Սարգիսեան ընթերցեց Շրջանային Վարչութեան ուղղերձը, ուր բարձրօրէն կը գնահատուէին բանակումին մասնակցողներուն ու կազմակերպողներուն աշխատանքը։ Շրջ. Վարչութիւնը յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն կը մաղթէր մասնաճիւղին։
Ապա խորհուրդի կազմի ատենապետ Մանուկ Դաւիթեանի եւ բանակումի խմբապետուհիին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ գայլիկներուն Արի-Արենոյշ շարքեր փոխանցման արարողութիւնը եւ նորագիր կարգի վկայականաց բաշխումը։
Աւարտին հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ գնահատեց բանակումի ընդհանուր աշխատանքը, վեր առնելով գաղութէն ներս ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր աշխատանքը՝ ի խնդիր սերունդներու ազգային եւ հայեցի դաստիարակութեան։ Հայր սուրբը շեշտեց, որ «Աղաւնօ» բանակումը ապացոյցն է, որ մենք կանք եւ պիտի մնանք հայրենիքի կողքին, Սփիւռք եւ հայաստան որպէս մէկ ամբողջութիւն մէկ բռունցք շարունակելու մեր պահանջատիրական արդար երթը։
Այնուհետեւ «Պահպանիչ» աղօթքով յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն